Երկուշաբթի, 10 Փետրուար 2014–ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի, Պըրպէնքի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները հետաքրքրող դասախօսութիւն մը՝ «Սուրիահայութեան Տագնապը եւ Մենք» նիւթով:
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ դասախօսական երեկոյին։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերանային Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ ու Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմնի գանձապահ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։
Օրուան դասախօսներն էին յատուկ այս առաքելութեամբ Սուրիայէն ժամանած՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեանն ու Դոկտ. Գրիգոր Ատանալեանը:
Յուզիչ երեկոն, «Տէր Ողորմեա»ի ուղեկցութեամբ, սկսաւ պատմական Հալէպ քաղաքի քանդուած ու հրոյ ճարակ դարձած տեսահոլովակի ցուցադրութեամբ: Այնուհետեւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ երեկոյի հանդիսավարուհի՝ Տիկ. Սոնա Մատարեանը: Ապա ներկայացնելէ ետք առաջին բանախօս՝ Դոկտ. Գրիգոր Ատանալեանի հակիրճ կենսագրականը, հրաւիրեց զինք սկսելու դասախօսութիւնը:
Յարգարժան բժիշկ Ատանալեանը, քաղաքական մեկնաբանի հմտութեամբ, տուաւ Միջին Արեւելքի երկիրներու, եւ անոր ընդերքի հարստութիւններով հետաքրքրուող մեծ պետութիւններու քաղաքական բնութագրերը, ցոյց տալով իւրաքանչիւր երկրի ունեցած դերակատարութիւնը, մասնակցութիւնն ու ակնկալիքները, որոնց զոհ գացած էն Սուրիոյ ապահովութեան մէջ ապրող ժողովուրդը, պատմական եզակի կոթողները, շէներն ու քաղաքները: Դրուատանքով խօսեցաւ հալէպահայութեան ցուցաբերած բացառիկ միասնականութեան, տոկունութեան, եւ մաքառումի ոգիին մասին, հովանաւորութեամբ ու ղեկավարութեամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, որ զինեալներէն մօտ 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ շարունակեց տէր կանգնիլ Սալիպէ թաղամասի մէջ գտնուող Ազգային Առաջնորդարանին, հինաւուրց ու պատմական Ս. Քառասնից մանկանց եկեղեցւոյ, եւ ողջ հալէպահայութեան: Հիացմունքով խօսեցաւ նաեւ գաղութի մշակութային կեանքի մասին: Յարգելի դասախօսը, իր խօսքերը աւարտեց լաւատես տրամադրութիւններով:
Ապա խօսքը տրուեցաւ երեկոյի երկրորդ բանախօս՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանին, որ աւելի ծանրացաւ Սուրիահայերու համար կատարուած ընկերային, առողջապահական, կրթական, տնտեսական ծառայութիւններու վրայ, մասնակցութեամբ բոլոր յարանուանութիւններուն, Հայկական աւանդական կուսակցութիւններուն, Հ.Բ.Ը.Մ.-ին եւ Հ.Օ.Մ.-ին: Սրբազան Հայրը ներկայացուց թուական տուեալներ Սուրիահայ նահատակներու, վիրաւորներու, քանդուած եկեղեցիներու եւ Ազգային կառոյցներու մասին, անդրադառնալով նաեւ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ դպրոցներուն եղած նպաստին ու աջակցութեան: Իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը պատասխանեց ներկաները յուզող հարցերուն:
Ապա խօսք առաւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի Ատենապետ՝ Պրն. Զաւէն Խանճեան, որ ծանրացաւ Հալէպի մէջ բռնկուած «հրդեհ»-ին վրայ, հրաւիրելով հայ ժողովուրդի զաւակները դառնալու մէկական հրշէջներ, յանգցնելու այդ կրակը:
Այնուհետեւ, հանդիսավարուհին բեմ հրաւիրեց Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյի կազմակերպիչներուն, ապա տուաւ իր բարձր գնահատականը երեկոյի բանախօսներ՝ Արմաշ Սրբազանին եւ Դոկտ. Ատանալեանին:
Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց որ շաբաթ մը առաջ վերադարձած էր Լիբանանէն, ուր Անթիլիասի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ մասնակցած էր Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու նիստերուն, որոնց ընթացքին ուղղակի հաղորդակցութեամբ, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան զեկուցած է Հալէպահայութեան իրավիճակին ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ծանրացաւ Սուրիահայութեան ի նպաստ գործնական օժանդակութիւնները շարունակելու կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան վրայ, յիշեցնելով բոլորին, Սուրիահայութեան օգնութեան հարցի համահայկական տարողութիւնն ու բնոյթը: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց՝ որ Հայ ազգի զաւակները եթէ ոչ որպէս հրշէջներ, ապա նուազագոյնը մէկական դոյլ ջուրով պարտաւոր են մասնակից դառնալու մեր մայր գաղութի մէջ բռնկած կրակը մարելուն: