Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզ՝ ներկայ գտնուելու գոհաբանութեան օրուան աւանդական հանդիսութեան-ճաշկերոյթին, որ կազմակերպուած էր վարիչուհի Տիկին Արսինէ Աղազարեանի եւ ուսուցչակազմին կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կþընկերանար Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։ Ներկայ էին վարժարանի բարերար Տէր եւ Տիկին Ռալֆ եւ Սավի Թիւֆէնքեան ամոլը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, Ուսումնական Մարմինի անդամներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ:
Առաջնորդ Սրբազանը նախ այցելեց դասարանները, ուր աշակերտները Գոհաբանութեան օրուան մթնոլորտով դիմաւորեցին ու ողջունեցին զինք եւ միասնաբար աղօթեցին։ Ապա «Աբգարեան» սրահին մէջ Մանկապարտէզի աշակերտները Գոհաբանութեան օրուան եւ Թիւֆէնքեանի 45-ամեակին նուիրուած գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը ներկայացուցին։ Յատկանշական էր վարժարանի 45-ամեակին առթիւ ստեղծագործուած քայլերգը։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, բարերարները 45-ամեակին առթիւ կարկանդակ մը հատեցին։
Իր սրտի խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը նախ գոհունակութիւն յայտնեց տօնական մթնոլորտին համար եւ օրհնեց ու գնահատեց աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը։ Յորդորեց ներկայացուած երգերու բառերով շարունակ փառք տալու Աստուծոյ իրենց լեզուին, պատմութեան եւ հաւատքին համար եւ աւելիո՛վ սիրելու իրենց դպրոցն ու ծնողները։