Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 4 Օգոստոսի երեկոյեան ներկայ եղաւ «Արարատ» Տան մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթի մը, որ տեղի կ’ունենար հաստատութեան բնակարանային նոր բաժանմունքի պաշտօնական բացման առիթով։
Ներկայ հոգեւորականներուն հետ բացման աղօթքը կատարելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց սրտի խօսք մը. ան շնորհաւորեց հաստատութիւնը՝ տարեցներուն յատուկ բնակարանային նոր համալիրին բացման առիթով, գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարչութեան ու անձնակազմի նուիրեալ ծառայութեան մասին, որ կը մատուցուի մեր տարեց սերունդի ներկայացուցիչներուն։ Ան գնահատեց հաստատութեան անձնակազմի անդամները, որոնք կը հետեւին Բարի Սամարացիին օրինակին, պատսպարեալներուն ու բնակիչներուն նկատմամբ իրենց հոգածու վերաբերմունքով։
Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանն ու մեր հոգեւոր հայրերը հետեւողական կերպով հոգեւոր խնամք ու ծառայութիւն կը մատուցեն «Արարատ» Տան բնակիչներուն ու անձնակազմին. տօնական օրերուն կը կատարուին յատուկ արարողութիւններ, իսկ յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 15 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, տեղի պիտի ունենայ Ս. Պատարագ եւ խաղողի օրհնութեան աւանդական արարողութիւնը։
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին հաստատութեան վարչական խորհուրդի ատենապետ Տիար Մայքըլ Սիւրմէեան, շինարարութեան յանձնախումբի ատենապետ Նազար Աշճեան, բնակարանային բաժանմունքի վարիչուհի Տիկին Ռիթա Նորվանեան եւ պատասխանատուներէն Տերիք Ղուկասեան։ Հանդիսավարն էր Տիար Տէյվիտ Մկրըպլեան։ Ցուցադրուեցաւ հաստատութեան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսաերիզ մը։