Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու պատասխանատու մարմինները ամրան եղանակը օգտագործեցին՝ որոշ բարեփոխումներու ենթարկելու համար վարժարանին կարգ մը բաժինները, առ ի պատրաստութիւն ուսումնական 2017-18 տարեշրջանին։
Երկուշաբթի, 14 Օգոստոսի 2017-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, տեղի ունեցաւ նոր խաղավայրին, նոր դասարանի մը եւ յիշատակի պարտէզին բացման արարողութիւնը։ Ներկայ էին Ս.
buy albuterol online nouvita.co.uk/wp-content/themes/twentynineteen/fonts/en/albuterol.html no prescription
Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Թորոսեան, հոգաբարձութեան ներկայացուցիչը, տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, Ուսումնական Մարմինի եւ անձնակազմի անդամներ, շրջանի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ ու բարերարներ, որոնց շարքին, նոր բաժանմունքներուն համար նուիրաբերող ընտանիքները՝ Տէր եւ Տիկին Մայքըլ եւ Լարա Չագմագճեան, Տէր եւ Տիկին Մուրատ եւ Լօրա Ուխտենց եւ Տէր եւ Տիկին Ռազմիկ եւ Ռիթա Յովսէփեան։ Ուխտենց ամոլը հովանաւորած էր նոր պարտէզը՝ ի յիշատակ իր վաղամեռիկ դստեր՝ Մելընիի։
Ողջոյնի խօսք արտասանեց կատարուած աշխատանքներու ընդհանուր վերակացուն՝ Տիար Էմիլ Թադեւոսեան, որ ապա հրաւիրեց Տնօրէնուհին՝ արտասանելու իր խօսքը. Տոքթ. Քարկոտորեան հակիրճ կերպով խօսեցաւ ամրան ընթացքին իրականացած աշխատանքներուն մասին եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բարերաներուն եւ աշխատանքը իրականացնողներուն։ «Շամլեանի Աստղ» յուշանուէրները յանձնուեցան կամաւոր աշխատողներուն եւ ծառայողներուն, իսկ բարերարներուն նուէր տրուեցան յուշատախտակներ։
Առաջնորդ Սրբազանը, մեկնելով բանաստեղծին «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար» բառերէն, նկատեց, որ այս վարժարանի նուիրեալները եւս «խենթեր» են, որոնք վարժարանի կալուածին այլապէս սահմանափակ տարածքին ստեղծած դժուարութիւնները կը յաղթահարեն նմանօրինակ ծրագիրներ իրագործելով ու նպաստելով վարժարանի բարեզարդման ու ծաղկման։ Ան նշեց, որ այս բարեփոխութիւնները դրական անդրադարձ պիտի ունենան աշակերտներու ուսումնական վիճակին վրայ, գոհ պիտի ձգեն եւ ուրախացնեն ծնողները եւ նոր նուաճումներու պիտի տանին վարժարանը։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ վարժարանին նուիրեալներուն ու բարերարներուն մասին, մաղթելով, որ նման բարեզարդումներ արձանագրուին նաեւ ապագային։
Այնուհետեւ, ներկաները առաջնորդուեցան նորակառոյց ու բարեզարդուած բաժինները եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացան տարուած աշխատանքին մասին։
Նշենք, որ նոյն երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ա. դասարանի աշակերտներու ծնողներուն վերամուտի հանդիպումը։