ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ծնած է 1986ին, Պէյրութ (Լիբանան)։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլէճին մէջ։ 1997ին՝ իբրեւ դպրեվանքի սան, մուտք գործած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, ապա 2006ին, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ: Այնուհետեւ, 2010ին, ստացած է Վարդապետական գաւազան՝ պաշտպանելով «Նզովքը Հայ Եկեղեցւոյ Մէջ» նիւթով թեզը, իսկ 2016ին, «Ատանայի Հայոց Թեմը» աւարտաճառը պաշտպանած է՝ ստանալով Ծայրագնութեան աստիճան։

2006-2013, Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան վարած է Անթիլիասի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը։ 2010-2014 տարեշրջաններուն ստանձնած է ե՛ւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայր Տաճարի դպրապետութիւնը, ե՛ւ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի»,  Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբերու խմբավարի պաշտօնը: 2013-2015 եղած է խմբագիրը Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական ամսագրին։

Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս իր ստանձնած պաշտօններուն առընթեր, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պաշտօնավարած է իբրեւ ուսուցիչ՝ Դպրեվանքի, Անթիլիասի Հայագիտական ուսմանց կեդրոնի եւ ազգային վարժարաններու մէջ։ 2014-2016 կոչուած է  Դպրեվանքի  տեսչութեան պաշտօնին։ Մտաւորական իր հետաքրքրութիւններուն հետամուտ, ստանձնած է նաեւ գրական եւ խմբագրական աշխատանքներ՝ խմբագրելով հոգեւոր եւ եկեղեցական բնոյթի գիրքեր: Սրբազանը նաեւ հեղինակն է շարք մը յօդուածներու եւ հրատարակուած գրքոյկներու։

Լիբանանի եւ հայաշատ զանազան գաղութներու մէջ, ան հանդէս եկած է դասախօսական ելոյթներով՝ հանրային գործունէութեան դաշտին մէջ եւս իր հոգեւոր հունտերը ցանելով: 

Երկնատուր իր ձայնային պարգեւին ականջալուր, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պէյրութի եւ Երեւանի մէջ հետեւած է նաեւ երաժշտական բարձրագոյն ուսմանց կրթական ծրագրերու, ինչպէս նաեւ ձայնամարզութեան յատուկ դասընթացքի (master class), Անգլիոյ մէջ։ 2016ին մեկնած է Մեծն Բրիտանիա եւ Ուէյլզի Սէյնթ Մայքըլ անգլիական դպրեվանքին մէջ հետեւած է աստուածաբանական խտացեալ դասընթացքներու՝ ուսումնասիրելով Անկլիքան եկեղեցւոյ ծէսն ու երաժշտութիւնը։

2017ին հասած է Լոս Անճելըս, ուր Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի  եւ Խառն ժողովին կողմէ նշանակուած է Առաջնորդական փոխանորդ։ Տարի մը ետք՝ 2018ին, ստացած է եպիսկոպոսական օծում՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Լոս Անճելըսի մէջ, Առաջնորդական փոխանորդ Սրբազան Հայրը ամբողջ երեք տարի զբաղած է հոգեւոր, վարչական եւ ուսուցչական գործունէութեամբ: 

16 Հոկտեմբեր 2020ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի 48րդ Երեսփոխանական ժողովին կողմէ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Թեմի Առաջնորդ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022