Հայկական Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, Երեքշաբթի, 6 Յունուարին, մարդկութեան շնորհուած մեծագոյն պարգեւին աւետիսով ցնծութեան ալիքներ տարածեց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զաւակներուն կեանքին մէջ: Արեւմտեան մեր Թեմը եւս Ս. Պատարագով եւ ջրօրհնէքի արարողութեամբ միացաւ տօնական մթնոլորտին:
Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եւ կատարեց ջրհօրհնէքի արարողութիւնը:
Ներկայ հաւատացեալներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին շնորհաւորեց հայրենի պետութիւնը, մեր զոյգ վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիկիլիոյ կաթողիկոսները, եւ Թեմիս բոլոր նուիրեալներն ու հաւատացեալները, ապա կանգ առաւ Ս. Ծննդեան խորհուրդին ու Աստուածորդւոյն աշխարհ առաքելութեամբ՝ մարդուն շնորհուած պարգեւներուն առջեւ: Պատարագիչ Սրբազան Հայրը նկարագրեց Ս. Ծննդեան գիշերուան իրադարձութիւնները, նշելով, որ բարի ու համեստ հովիւները եղան հրեշտակներուն կողմէ տրուած մեծ աւետիսը առաջին ստացողները, իսկ երեք մոգերը, որոնցմէ մինչեւ իսկ թագաւորներ կը սոսկային, հեռաւոր երկիրներէ եկան խոնարհելու նորածին Թագաւորին առջեւ: Հովիւներուն պարագան ունի յատուկ խորհուրդ. Աստուած բարի ու նուիրաբերող հովիւներուն նախապատուութիւն շնորհեց, իբրեւ վարձատրութիւն անոնց համեստութեան: Ան նշեց, որ բարիքներու ու նուիրաբերումներու գնահատման համար, Երկնաւոր Հայրը ունի իր իւրայատուկ չափանիշները: Ան նաեւ կարեւորութեամբ կանգ առաւ Աստուծոյ մարդեղութեան խորհուրդին առջեւ, ընդգծելով, որ Աստուածորդւոյն աշխարհ առաքելութիւնը կեանքի վերանորոգութեան պարգեւ էր մարդկութեան համար, միաժամանակ հրաւէր՝ մսուրի պարզութեամբ յատկանշուող խոնարհութեան. Աստուածորդւոյն երկրաւոր ծնողները՝ Մարիամն ու Յովսէփը եղան հնազանդութեան ու հաւատարմութեան հրաւէրի խորհրդանիշ:
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Ս. Ծնունդը Արդարութեան Արեգակին ճառագայթումն էր մեր կեանքին մէջ: Առաջին դարերէն սկսեալ, մեր պապերն ու սրբազան հայրերը եղան Լոյսին հետեւորդները, մեր ժողովուրդի կեանքը կերտեցին ու առաջնորդեցին բոլոր տագնապալի վերիվայրումներուն ընթացքին: Տագնապներէն մեծագոյնը տեղի ունեցաւ 100 տարի առաջ, երբ մեր ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան: Այսօր, Ցեղասպանութեան 100ամեակին, ու հետեւելով մեր պապերուն ուղիին, մենք պահանջատիրական ոգիով ու Աստուծոյ ապաւինելով պիտի շարունակենք մեր պայքարը, տոկուն հաւատքով պիտի վերանորոգենք մեր կեանքը եւ պիտի շարունակենք մեր երթը՝ մինչեւ մեր արդար Դատին յաղթանակը:
Իր պատգամի վերջաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց աշխարհի խաղաղութեան համար, ցաւ յայտնելով, որ տագնապալի իրադարձութիւններ նահանջի մատնած են խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը: Ան յատկապէս մաղթեց, որ Սուրիան, Լիբանանն ու Իրաքը վերագտնեն խաղաղութիւնը եւ շրջանի մեր եղբայրներն ու հարազատները դարմանեն արձանագրուած վէրքերը:
Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մկրտութիւնը: Խաչի կնքահայրն էր ծխական համայնքի հաւատացեալներէն՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Լենա Սողոմոնեան ամոլի զաւակը՝ Արէն:
“Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի” շարականին երգեցողութեամբ եւ թափօրով, պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը, խաչակնքելով ու իր օրհնութիւնները սփռելով հաւատացեալներուն, դուրս առաջնորդուեցաւ եկեղեցիէն:
Չորեքշաբթի, 7 Յունուարի առաւօտեան, Ս. Ծննդեան Մեռելոցի օրուան առիթով, ազգիս հին ու նոր ննջեցեալներուն յիշատակին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հոլիվուտ Հիլզի Forest Lawn գերեզմանատան “Hall of Liberty”-ի սրահին եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան “Church of the Recessional” եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներուն։