Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Երկուշաբթի, Յունուար 5-ին, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան Ճրագալոյցի արարողութիւն եւ Ս. Պատարագ, որուն աւարտին, հաւատացեալները ստացան Յիսուս Մանուկի Ս. Ծննդեան աւետիսը եւ եկեղեցիներէն մոմեր տուն տանելով՝ իրենց յարկերը լուսաւորեցին տօնական օրուան լոյսով:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ: Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր ըմբոշխնելու հոգեպարար արարողութիւնն ու լիցքաւորուելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամով։
Օրուան յատուկ Ս. Գրային ընթերցումները կատարեցին կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիները, ապա, Ս. Ծննդեան ժամամուտի արարողութեամբ սկսաւ Ս. Պատարագը: Ս. Սեղանին կը սպասարկէր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան։
Իր պատգամին մէջ, պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ բոլորս արժանի դարձուց թեւակոխելու 2015 տարին եւ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի այս պատարագին, տօնական օրերուն առիթով շնորհաւորեց Հոգեւոր Հովիւը, հոգաբարձութիւնն ու յարակից մարմինները, ինչպէս նաեւ ծխական համայնքի զաւակները, օրհնեց կիրակնօրեայի աշակերտ-աշակերտուհիները, որոնք Ս. Գրոց ընթերցումները կատարեցին։
Անդրադառնալով Ս. Ծնունդի խորհուրդին, Առաջնորդ Սրբազանը բացատրեց, թէ Աստուծոյ որդին մարդացաւ եւ խոնարհութեան ու հեզութեան որպէս օրինակ՝ ծնաւ մսուրի մը մէջ։ Որպէս խոնարհութեան երկրորդ օրինակ, իր առաջին այցելուները եղան համեստ հովիւները, որոնք դաշտին մէջ իրենց ոչխարներուն պահակութիւն կ’ընէին. լուսաւոր աստղը տեսնելով ու հրեշտակներուն կողմէ փոխանցուած “Ձեզի արքայ մը ծնաւ” աւետիսը լսելով, անոնք շտապեցին Յիսուս Մանուկը տեսնելու խանձարուրի մէջ փաթթուած: Յաջորդեց Մոգերուն այցելութիւնը, իրենց թանկարժէք նուէրներով, որ հիմնական ապացոյցն էր նոր արքայի ծնունդին եւ անոր մեծութեան առջեւ երկրպագութեան։
Ս. Ծննդեան խորհուրդով, Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդը իր պատկերը վերանորոգէ։
Ան ամէնէն խոնարհ պայմաններու մէջ ծնաւ, որպէսզի յիշեցնէ մարդուն, որ Աստուծոյ պատկերին մէջ բարութիւն, խոնարհութիւն, ազնուութիւն եւ համեստութիւն պէտք է տեսնէ, ուրեմն, մեր պատկերը վերանորոգելով՝ մեր կեանքը պէտք է ապրինք բարութեամբ ու համեստութեամբ։
Ի վերջոյ, Աստուած մարդացաւ, որպէսզի աշխարհի վրայ սէր եւ խաղաղութիւն տիրէ, մարդիկ փառք տան Աստուծոյ՝ իրենց վայելած բարիքներուն համար, եւ ոչ թէ իրենց յաջողութիւններով գինովցած, մոռնան զԱստուած շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իր պատգամը աղօթք բարձրացուց, որ աշխարհի վրայ խաղաղութիւն տիրէ, սէրն ու համերաշխութիւնը առաջնորդեն մարդկութեան կեանքը։
Պատարագի աւարտին, հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ երգուեցաւ “Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի” Ս. Ծննդեան շարականը, ապա ներկայ հաւատացեալները իրենց հետ տուն տարին Ս. Խորանին լոյսով վառուած մոմերը, որպէսի իրենց օճախները լուսաւորեն Ս. Ծննդեան խորհուրդով։