Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2021, երեկոյեան ժամը 7-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. եպս. Տօնոյեան, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին առիթով, աղօթակից ունենալով միաբան եղբայրներ՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանը, Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը եւ հոգեւորականաց դասը, մասնակցութեամբ Թեմի Հարաւային Քալիֆորնիոյ սարկաւագներու:
Արժեւորելով տօնը, Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագի սրբութիւնն ու օրուան խորհուրդը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզը սկսաւ փառք, գոհութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելով առ Երկնաւոր Տէր, «Որուն հայրական խնամքին ներքեւ այսօր մենք համախումբ դարձանք եւ կանգնեցանք այս օրհնեալ խորանին առջեւ ու լոյս ծծեցինք Լոյսի Իշխան Քրիստոսէն», նշեց ան՝ դիտել տալով, որ Աստուծոյ Տան մէջ Ս. Պատարագին մասնակցելով՝ «որպէս մոմակիր, քշոցակիր, բուրվառակիր, դպրաց դասի երգողներ ու հոգեւորականներ, բոլորս ալ ֆիզիքական, իմացական, հոգեւոր ու հոգեբանական ուժ կը ստանանք երկինքէն, որպէսզի կարողանանք սրբազան արարողութեան խորհուրդին ընդմէջէն կապի մէջ ըլլալ խորհուրդներու պարգեւիչ Քրիստոսին հետ եւ հզօրանալ, կարենալ շարունակելու համար մեր ծառայութիւնը բերել ի պատիւ Ամենասուրբ Երրորդութեան, ի պայծառութիւն Հայ Առաք. Մայր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի լուսաւորութիւն մեր թանկագին ժողովրդեան»:
Վեր առնելով Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց սարկաւագները միշտ ըլլալ գիտակից իրենց կոչումին եւ ծառայութեան մեծութեան, ապա լոյս սփռելէ ետք ոգեկոչուող Սուրբին կերպարին վրայ՝ սարկաւագները հրաւիրեց իրենց նախակարապետին՝ Ս. Ստեփանոսի օրինակով աստուածային իմաստութեամբ ու Ս. Հոգիով լեցուելու, որպէսզի իրենց կեանքը հարուստ ըլլայ երկնային շնորհներով եւ պարգեւներով. «Պարգեւ ունենալ կը նշանակէ ծառայել գիտնալ, այսինքն՝ կեանքով, գործով, աշխատանքով ու պատրաստակամութեամբ վազել դէպի Տիրոջ Տուն եւ հաւաքաբար մտածել, աշխատիլ, ծրագրել ու գործել ի խնդիր Աստուծոյ Տաճարի առաւել պայծառացման եւ բարգաւաճման», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:
Աւարտին, եկեղեցւոյ Կարապետեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «սիրոյ ընթրիք» հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւորականները եւ սարկաւագները քրիստոնէական եղբայրական պահ մը ապրեցան միասին: