Երբ մեր անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ Ս. Յարութեան յաղթական հաւատքով զինուած ենք, մեր կեանքը վերանորոգ կամքով կþառաջնորդուի, Յիսուսի յարութեան ներշնչումով, նոր մարդ կը դառնանք, նոր կորով կը զգենունք ու կը գործենք վասն մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան, վասն ազգի շինութեան։
Այս բառերով է որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորեց մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 8 Ապրիլի առաւօտուն, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. Պատարագ մատուցանեց։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ յայտնելով, որ առաւօտուն, յանուն մեր Թեմի հոգեւոր դասուն, ժողովականութեան ու հաւատացեալ ժողովուրդին շնորհաւորած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը՝ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, ու այս պահուն, Վեհափառ Հայրապետին յանձնարարութեամբ, հաւատացեալներուն կը փոխանցէ Նորին Ս. Օծութեան բարեմաղթութիւնները։
Ս. Յարութեան տօնը հանդիսաւոր Ս. Պատարագով ու ցնծութեան համապատասխան մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ նաեւ մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Իսկ Երկուշաբթի, 9 Ապրիլին, Կլենտէյլի ու Հոլիվուտ Հիլզի գերեզմանատուներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, յարգելու համար յիշատակը մեր բոլոր ննջեցեալներուն։