Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար, Դեկտեմբերի առաջին շաբաթավերջը եղաւ տօնախմբութեան նորագոյն առիթ մը. նկատի ունենալով, որ նոր եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները կը գտնուին իրենց վերջին փուլին մէջ ու մօտեցած են աւարտին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով ծխական համայնքին հրաւէրին, տարեվերջի օրերուն առիթով, Կիրակի, 2 Դեկտեմբերի առաւօտուն, առաջին Ս. Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Շաբաթ, 1 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ծխական յանձնախումբը կազմակերպած էր տարեվերջի ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց, թէ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը՝ Լէրի Պարնզ, շինարարական աշխատանքներուն մօտալուտ ամբողջացման առիթով, 250,000 տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը կը կատարէ եկեղեցւոյ։
Լաս Վեկասի ծխական համայնքն ու անոր հետ Արեւմտեան մեր Թեմը հոգեկան մեծ ցնծութեան մէջ են, որովհետեւ եկեղեցաշինութեան այս ծրագիրը իր լրումին կը հասնի կարճ ժամանակի մէջ։ Արդարեւ, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբը 2009ի Դեկտեմբերին ձեռք բերաւ այն կալուածը, որուն վրայ այսօր կը կանգնին եկեղեցին ու Հայ Կեդրոնը։ Կալուածին գնումը յաջողեցաւ ազգային բարերար Լէրի Պարնզի իշխանական նուիրատուութեան շնորհիւ, ի յիշատակ իր հանգուցեալ տիկնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի, որ բազմամեայ ծառայութիւն ունեցած էր եկեղեցւոյ ու Լաս Վեկասի հայ համայնքին մէջ։ Աւելի քան տարի մը առաջ, ամբողջացաւ եկեղեցւոյ կողքի սրահին վերակառուցումը, իսկ անցեալ ամրան սկիզբին, փուլ բերուեցաւ նախկին շէնքը ու դրուեցան նոր եկեղեցւոյ կառոյցին հիմերը։ Թէեւ եկեղեցւոյ շինարարական լրացուցիչ աշխատանքները տակաւին ընթացքի մէջ են, սակայն ներքնամասը ամբողջացած է ու կարելիութիւն ստեղծուած էր այս արարողութիւնը կատարելու։ Ս. Կարապետ եկեղեցին ու կողքի Հայ Կեդրոնը կոչուած են ըլլալու Լաս Վեկասի հայութեան հոգեւոր ու մշակոյթի հաւաքավայրը։
»ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ԺԱՅՌԻ ՎՐԱՅ«
Առաջնորդ Սրբազանը Լաս Վեկաս ժամանեց Շաբաթ յետմիջօրէին, հովանաւորեց նոյն երեկոյեան կազմակերպուած ճաշկերոյթը, իսկ Կիրակի առաւօտուն, Ս. Պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ։ Թէեւ շինարարական աշխատանքները չեն հասած իրենց լրումին, այսուհանդերձ, իբրեւ ուխտի առիթ, Ս. Պատարագը տեղի ունեցաւ շարժական խորանի վրայ, որ զետեղուած էր օծեալ վէմքարին վրայ։
Ս. Պատարագի ընթացքին իր արտասանած պատգամին համար, Առաջնորդ Սրբազանը ընտրած էր Խորհուրդ Խորին շարականի »Թագաւոր Երկնաւոր, եկեղեցի Քո անշարժ պահեա« բառերը։ Ան առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը շնորհած էր իրականացնելու այս եկեղեցին, շինութեան աշխատանքները հասցնելով վերջին փուլին։ Ան շեշտեց, որ որեւէ աշխատանք, որ կþիրագործուի հաւատքով, սիրով ու գործակցութեամբ, կը վայելէ Աստուծոյ օրհնութիւնն ու քաջալերանքը, կը հասնի յաջողութեան։
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ քրիստոսի եկեղեցին հաստատուած է ամուր հիմնաքարի՝ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսի վրայ։ Անդրադառնալով Աստուածաշունչի այն համարին (Մատթ. 16։18), ուր Յիսուս, խօսքը Պետրոս Առաքեալի ուղղելով, ըսած էր, թէ Իր եկեղեցին պիտի հաստատէ Ժայռի վրայ, որ հաւատքն է, եւ որ մահն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկարենայ յաղթահարել, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ ինչպէս որեւէ կառոյց, նոյնպէս ալ մեր եկեղեցիները կը կարօտին ամուր հիմերու, եւ այդ՝ ոչ միայն ֆիզիքական շէնքին համար, այլ նաեւ՝ ոգեղէնին, որ մեր հաւատքն է։ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Քրիստոս կը հանդիսանայ մեր եկեղեցւոյ հիմնաքարը՝ ամուր եւ վստահելի ժայռը։ Մեզի կը մնայ զԱյն ընդունիլ մեր կեանքերուն մէջ, ենթարկուիլ Իր կամքին եւ մեր կեանքը ապրիլ համաձայն Իր պատուիրաններուն։ Յիսուս միակ հիմնաքարն է, որ կը դիմանայ ամէն տեսակ փորձի։ Չենք կրնար անկէ աւելի վստահելի ու հաստատ հիմերու վրայ կառուցել մեր կեանքը, ու եթէ մեր կեանքը հաստատենք Անոր վրայ, պիտի ամրագրուինք Ս. Հոգիին զօրութեամբ։
Շարունակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, Քրիստոս-հիմնաքարին կողքին, կառուցուած է նաեւ Առաքեալներուն հաւատքին վրայ. Հայաստանի առաջին լուսաւորիչներն էին Ս. Թադէոս ու Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները, որոնց յիշատակի տօնը նշուած էր օր մը առաջ։ »Յիսուսի լոյս հաւատքը Ա. դարէն սկսեալ տարածուեցաւ Հայաստանի մէջ, անոր առաքեալներուն միջոցով. Ս. Թադէոս ու Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները Հայաստանի մէջ քարոզեցին Աւետարանը, ժողովուրդը քրիստոնեայ մկրտեցին, պատրաստեցին աշակերտներ, որպէսզի իրենց առաքելութիւնը շարունակուի անընդմէջ. Աստուծոյ խօսքին տարածիչները իրենց կեանքը զոհաբերեցին ի խնդիր ճշմարիտ խօսքին տարածման։ Անոնք Աստուծոյ խօսքին բաժնեկից դարձուցին հայ ժողովուրդը, ու անոնց պարգամը տարածուեցաւ սերունդէ սերունդ։ Ուրեմն, մեր եկեղեցին հիմնուեցաւ Յիսուս Քրիստոս ժայռին վրայ, անիկա տոկաց դարեր շարունակ, որովհետեւ ունէր հաստատուն հիմեր«։
Եզրափակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ իբրեւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներու՝ մեր պարտականութիւնն է շարունակել առաջին լուսաւորիչներու առաքելութիւնը. ան մաղթեց, որ Ս. Թադէոս ու Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն աննահանջ կամքն ու գործը դառնան նոր սերունդներուն ներշնչման աղբիւրը, ու բոլորս միասնաբար կենսագործենք Քրիստոսի պատգամները՝ հաւատքով ու սիրով տոգորուած։ Ան այս առիթով գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ բարերարին, ծխական յանձնախումբին ու գործակիցներուն ու բոլոր ծառայողներուն, եւ իր խօսքը աւարտեց մաղթելով, որ շինարարական աշխատանքները ամբողջանան նոյն յաջողութեամբ։
Ս. Պատարագին ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտներ ու գայլիկներ, որոնք աւարտին, պատարագիչ Սրբազան Հօր ձեռամբ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։
Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ հանգուցեալ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի հոգւոյն համար։
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ
Շաբաթ երեկոյ, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը ճաշկերոյթով մը տօնակատարեց վերջին տարիներու յաջողութիւնները։ Շուրջ 150 ազգայիններ ներկայ էին երեկոյթին, որ ունէր պաշտօնական ու գեղարուեստական բաժիններ։ Ներկաներուն շարքին էր Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տիար Վահան Պզտիկեան։
Երեկոյթին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Նորա Ադամեան ամոլը։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկին Անահիտ Գապատեան։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց ծխական յանձնախումբի ատենապետ Տիար Ատրուշան Արմէնեան, որ հակիրճ բացատրական մը տուաւ եկեղեցւոյ կերտումի աշխատանքին մասին, շնորհակալութեան խօսք ուղղելով Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգային Վարչութեան, այս համայնքին ցուցաբերուած հոգածու վերաբերմունքին համար։ Խօսք առաւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիար Վահան Պզտիկեան, որ վեր առաւ ծխական յանձնախումբին ու գործակիցներուն անձնդիր ծառայութիւնը, որուն շնորհիւ, քանի մը ամսուան ժամանակամիջոցին, կարելի եղաւ իր հիմերէն սկսեալ բարձրացնել նոր եկեղեցւոյ շէնքը, որ իբրեւ »լոյսերու քաղաք« ճանչցուած Լաս Վեկասի մէջ, պիտի ըլլայ տարածիչը ոգեղէն լոյսի։
Եկեղեցւոյ հովանիին տակ համայնքին իրենց մատուցած ծառայութեանց համար, գնահատագիրներու արժանացան Տիար Յակոբ Ուլիկեան եւ Տիկնայք Սիրան Ներսէսեան, Սեզա Հաւոնեան, Անահիտ Գապատեան ու Տայէն Սուսանի։ Երեկոն ծաղկեցուց հիւրաբար ներկայ գտնուղ երգիչ Անթուան Պէզճեան։
Ներկաներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք եւ գոհունակութիւն արձանագրեց իրագործումներուն համար, շեշտելով, որ իսկապէս տօնախմբութեան արժանի շատ բան կայ։ Ան յայտնեց, որ Գոհաբանութեան տօնի օրերուն, ինք Անթիլիաս կը գտնուէր, իսկ այսօր, գոհաբանութեան իւրայատուկ օր է բոլորիս համար, նկատի ունենալով եկեղեցւոյ ծրագիրին իրագործման ընթացքը։ Ան յոյս յայտնեց, որ քանի մը ամիս ետք, եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները հասնին իրենց լրումին. Ս. Կարապետ եկեղեցին պիտի ըլլայ ոչ միայն Լաս Վեկասի, այլեւ Նեւատայի առաջին հայկական եկեղեցին։ Սա կարեւոր իրագործում է ոչ միայն ծխական այս համայնքին, այլ նաեւ ամբողջ մեր Թեմին համար, որովեհետեւ, ըլլալով նոյն մեծ ընտանիքի անդամները, բոլորս ալ բաժնեկից ենք նման իրագործումներու եւ անկէ բխած ցնծութեան ու հպարտութեան։ »Կեանքի մէջ յաջողութեան պայմաններ են աշխատասիրութիւնը, հետեւողականութիւնն ու մանաւանդ սիրոյ ու համերաշխութեան վրայ հիմնուած գործակցութիւնը«, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, նկատել տալով, որ Լաս Վեկասի ծխական համայնքը գործնապէս ապացուցեց այս ճշմարտութիւնը։ Անիկա կարճ ժամանակի մէջ մեծ իրագործում կատարեց, որովհետեւ տոգորուած է սիրով, հաւատքով ու գործակցութեան ոգիով։ »Դուք ապացուցիք, որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ. ոչինչ անկարելի է, երբ մարդիկ իրենց ձեռքերը սիրով ու սրտակցութեամբ կը միացնեն լաւ գործի համար«, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, եւ այս առիթով, անգամ մը եւս երախտագիտութիւն յայտնեց բարերար Լէրի Պարնզի, Dream Fundին ու բոլոր բարերարներուն, որոնց նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ մարմնաւորուեցաւ այս կեդրոնը։ Ան մասնաւորաբար կանգ առաւ Լէրի Պարնզի նուիրաբերումի ոգիին առջեւ, շեշտելով, որ ան ո՛չ միայն նիւթական աջակցութիւն տրամադրեց, այլ նաեւ սիրտը դրած է այս ծրագիրին մէջ, եւ իբրեւ քաջալերանք տարուած աշխատանքին, ան այսօր 250,000 տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը կը կատարէ եկեղեցւոյ։ Առաջնորդ Սրբազանը եզրափակեց մաղթելով, որ Ս. Կարապետ եկեղեցին ու անոր կողքին կանգնող Հայ Կեդրոնը ըլլան Լաս Վեկասի հայութեան լոյսի ու մշակոյթի փարոսը։
Ներկաները ճաշակեցին նաեւ եկեղեցւոյ մանրատիպը ներկայացնող կարկանդակը, պատրաստուած՝ Տիկին Ազնիւ Գասամանեանի կողմէ։