Ծաղկազարդի Տօնը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ


Կիրակի, Մարտ 29, 2015-ին Հայց. Առաքելական Եկեղեցին նշեց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը՝ Ծաղկազարդը: Այս ցնծալի եւ հոգեկան վայելքի տօնին՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ:

Ծաղկազարդը յատկապէս տօնն է մանուկներուն: Աւետարանիչները կը պատմեն, թէ ինչպէս Յիսուս իր բարեկամին՝ Ղազարոսի յարութիւն տուաւ եւ լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ, երբ մեր Փրկիչը որոշած էր վերջին անգամ ըլլալով Երուսաղէմ մտնել աւանակի մը վրայ նստած: Հրէական զատկական տօնն էր, բազմահազար ուխտաւորներ Երուսաղէմ փութացած էին: Անոնք վկայեցին Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ, եւ ականատես եղան երկնքի արքայութեան յայտարարութեան, մեր Փրկչին՝ խաղաղութեան թագաւորին յաղթական մուտքին: Ծերեր եւ մանուկներ դիմաւորեցին Զինք՝ ձիթենիի խաղաղարար եւ արմաւենիի յաղթական ճիւղեր ճօճելով, միաժամանակ բացագանչելով. “Օրհնութիւն Դաւիթի որդիին, օրհնեալ ըլլայ ան, որ Տիրոջ անունով կու գայ”:

Ս. Պատարագը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, իսկ նախքան քարոզը՝ Ծաղկազարդի յատուկ փոքրիկներու թափօրը, առաջնորդութեամբ պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Եկեղեցւոյ քառաձայն երգչախումբին երգեցողութեամբ, թափօրը դուրս ելաւ եկեղեցւոյ մայր մուտքէն ու շրջան ընելով վերադարձաւ եկեղեցի: Բազմահարիւր մանուկներ, իրենց ծնողներուն հետ, մաս կազմեցին թափօրին: Ապա անոնք ծնրադիր խմբուեցան խորանին առջեւ եւ հետեւեցան արարողութեան, լսեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը եւ ստացան անոր օրհնութիւնները:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տօնին խորհուրդը ներկայացնելով, նշեց, որ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը միայն պատմական դէպք մը չէ, այլ կրնայ կրկնուիլ մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ, ամէն անգամ որ Տիրոջ ներկայութեամբ հաղորդուինք, որովհետեւ երբ կեանքի մէջ խաղաղութիւն եւ խոնարհ հոգի փնտռենք, անմեղ մանուկներուն նման “Ովսաննա” (փրկէ մեզ) կանչով, Ան մեր հոգիներէն ներս կը մտնէ եւ զանոնք Երուսաղէմի (խաղաղութեան քաղաքի) կը վերածէ:

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ մանուկներու հանդէպ Յիսուսի ունեցած սիրոյն, ինչպէս նաեւ դրուատեց մանուկներուն հրեշտակային անմեղութիւնն ու հոգիներուն անբծութիւնը: Ան յիշեցուց, որ Յիսուսը դիմաւորողներուն մէջ միայն զինք ընդունող բարի ծերեր եւ անմեղ մանուկներ չկային, այլ կային նաեւ դպիրներ ու փարիսեցիներ, որոնք իր հակառակորդներն էին: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք մենք ծերերո՞ւն ու մանուկներո՞ւն դասին կը պատկանինք, թէ՞ փարիսեցիներուն:

Անդրադառնալով Աւագ Շաբթուան արարողութեանց եւ անոնց պատգամին, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց հաւատացեալները, որ պատկանինք Յիսուսը ընդունող ծերերուն եւ մանուկներուն դասուն: Վերջապէս, անդրադառնալով Ցեղասպանութեան 100ամեակին, ան յայտնեց, որ 100 տարի առաջ, Ծաղկազարդի եւ Ս. Յարութեան տօները այս տարուան պէս զուգադիպած են Մարտի վերջին եւ Ապրիլի առաջին Կիրակի օրերուն, սակայն այդ տօնը ապրող մեր ժողովուրդի զաւակները քիչ ժամանակ ետք զոհ գացին Ցեղասպանութեան: Ան փառք տուաւ եւ ընդգծեց, որ մեր ժողովուրդը եւս, մեր Տիրոջ օրինակով, վերստին յարութիւն առաւ եւ վերականգնեց իր կեանքը:

Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ, տեղի ունեցաւ դռնբացէքի արարողութիւն, որ աղաչախառն խնդրանք է, որպէսզի ողորմած եւ մարդասէր Աստուած երկնային արքայութեան դռները բանայ մեղաւոր՝ սակայն զղջումով ապաշխարութեամբ մաքրուած մարդուն առջեւ: Աւարտին, հաւատացեալներ, ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղեր ի ձեռին, եւ Տիրոջ օրհնութիւնն ու խաղաղութիւնը իրենց սրտերուն, արձակուեցան եկեղեցիէն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022