“ՄԵնք այսօր կը տօնենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան պատգամը, որ խոստումն է յաղթանակի՝ մեղքի ու մահուան վրայ կեանքի յաղթանակին, չարին դէմ բարիին, ատելութեան դէմ սիրոյ, սուտին դէմ ճշմարտութեան յաղթանակին”, յայտարարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, 5 Ապրիլ 2015ին, Ս. Յարութեան տօնին առիթով Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ իր մատուցած Ս. Պատարագին ընթացքին, Քրիստոսի Ս. Յարութեան աւետիսը տալով հաւատացեալներուն:
Ս. Յարութեան տօնը քրիստոնեայ աշխարհին, բայց մանաւանդ բազմաչարչար հայութեան համար նուիրական տօն է, որովհետեւ կը կազմէ մեր հաւատքին խարիսխը եւ քրիստոնեային համար յաղթանակի ու ցնծութեան առիթ է: Անով, իր լրումին կը հասնի Աւագ շաբթուան բազմախորհուրդ շրջանը եւ մեր եկեղեցին հանդիսաւոր Ս. Պատարագով կը տօնէ մահուան վրայ կեանքի յաղթանակին տօնը, հաւատացեալը կը տոգորուի “Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց” աւետիսին բերկրանքով:
Առաջնորդ Սրբազանին մատուցած Ս. Պատարագին ներկայ էին ամերիկեան խորհրդարանի անդամներէն եւ Հայ Դատի բարեկամներէն Պրէտ Շըրմըն, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ հազարաւոր հաւատացեալներ:
Իր պատգամը սկսելէ առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ հաւատացեալները ողջունեց այս յաղթանակի տօնին առիթով, յատկապէս ողջունելով հայութեան իրաւունքներու պաշտպաններէն Պրէտ Շըրմընը, որ եկած է մեր համայնքը շնորհաւորելու այս տօնին առիթով:
Վեր առնելէ ետք Ս. Յարութեան տօնին յաղթական խորհուրդը, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան, որ իր լրումին ու կատարելութեան հասաւ մարգարէութեանց իրականացումով, խաչին վրայ Անոր չարչարալից մահով: Ան յիշեցուց, որ երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն՝ Յիսուսի հակառակորդները ունեցան այն զգացումը, թէ իրենց թշնամական իւրաքանչիւր արարքը յաջողութեամբ կը պսակուի, կարծեցին, որ զայն խաչին վրայ մահուան մատնելով, խափանած կþըլլան անոր առաքելութիւնը, սակայն ան երեք օր ետք յարութիւն առաւ, մահը պարտութեան մատնեց ու մարդկութեան բերաւ փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի խոստումը: Անոր հակառակորդները պարտուեցան, իսկ աշակերտները վերստին գօտեպնդուեցան՝ տեսնելով յարուցեալ Փրկիչը, եւ շուտով լծուեցան անոր պատգամը տարածելու գործին, մինչեւ իսկ վտանգի ենթարկելով իրենց կեանքը:
“Հայ ժողովուրդն ալ, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, ծանր տառապանքներ կրած է անկախ եւ քրիստոնեայ Հայաստանը պահպանելու համար: Մեր պապերն ու նախահայրերը քաջաբար իրենց արիւնը զոհաբերեցին ի խնդիր հաւատքի ու ինքնութեան պահպանման: Մեր թշնամիները ձախողութեան մատնուեցան մեր ժողովուրդը բնաջնջելու իրենց ծրագիրներուն մէջ, որովհետեւ հայութիւնը յաջողեցաւ վերականգնիլ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, իսկ մեր այսօրուան իրականութիւնը ապացոյց է, որ յարութեան մեր երթը կը շարունակուի, կը պահենք մեր յոյսը ու կը մնանք յաղթական: ԶԱստուած եւ ճշմարտութիւնը ունենալով մեր կողքին, եւ տոգորուած մեր նախնիներու աւանդներով, մենք նոր յաղթանակներ պիտի արձանագրենք Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակներուն կտակը իրականացնելու եւ մեր իրաւունքները ձեռք բերելու ճամբուն վրայ”, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, ծխական համայնքին անունով ողջոյնի խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, փոխանցելով զատկական բարեմաղթութիւններ: Արարողութիւնը վերջ գտաւ Ս. Յարութեան տօնին “Այսօր Յարեաւ” շարականով: Աւարտին, հաւատացեալները ստացան Ս. Հաղորդութիւն:
ՄԵՌԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ Երկուշաբթի, 6 Ապրիլին, եւ համաձայն մեր եկեղեցւոյ աւանդութեանց, նշուեցաւ մեռելոց յիշատակի օրը, յիշատակելու համար մեր ընտանիքներու եւ ազգի ննջեցեալները: Մեր Թեմի հոգեւորականաց դասու անդամները հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեցին շրջանի զոյգ գրեզմանատուներուն՝ Հոլիվուտ Հիլզի “Հոլ աֆ Լիպըրթի” եւ Կլենտէյլի “Չըրչ աֆ Ռեզըրեքշըն” մատուռներուն մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը գլխաւորեց Հոլիվուտ Հիլզի հոգեհանգստեան արարողութեան եւ կատարեց Անդաստանի արարողութիւն: