Շաբաթ, 28 Մարտ 2015ի յետմիջօրէին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի “Բանակավայրի Սենեակ”ին օրհնութիւնն ու պաշտօնական անուանակոչութիւնը: Սենեակին հովանաւորն է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Տիար Խաչօ Աչաճեան, որ ներկայ էր իր տիկնոջ՝ Արաքսիի եւ հարազատներուն հետ: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Արժանապատիւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան եւ Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց յարգելի հովանաւորին, վեր առնելով անոր ազգանուէր ծառայութիններն ու հայութեան իրաւունքներուն ի խնդիր գործունէութիւնը:
ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՁԵՌՆԱՐԿ Կիրակի, 29 Մարտի կանուխ յետմիջօրէին, Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ Ծաղկազարդի տօնին առիթով հալէպահայութեան ի նպաստ հանգանակային ձեռնարկի մը, որ կազմակերպուած էր Լոս Անճելըս գտնուող հալէպահայերու ընկերակցութեան կողմէ, Թահանկայի “Great Caesar Palace”սրահին մէջ: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց ձեռնարկին կազմակերպիչները, օրհնեց անոնց ժողովրդանուէր աշխատանքները, նշելով, որ Ծաղկազարդի այս տօնին, երբ կը կանգնինք Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին, կը յուսանք, որ հաւատքի ծիլերը ծաղկին եւ Հալէպն ու Սուրիոյ տառապեալ ժողովուրդը իրենց կարգին յաղթական յարութեան երթը ապրին խաղաղութեան երաշխիքով: