Ս. Ծննդեան Տօնի Նախօրեակին Առաջնորդ Սրբազանը Ջրօրհնէք Կատարեց Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» Հիւանդանոցին Մէջ


Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2016ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցը, ուր Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, տնօրհնէքի յատուկ արարողութիւն եւ ջրօհնէք տեղի ունեցաւ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան ու Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ։ Այս արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ ամէն տարեմուտի, հիւանդանոցի անձնակազմն ու հիւանդները հաղորդակից դարձնելու համար տօնական օրերու մթնոլորտին:

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հիւանդանոցին գլխաւոր սրահին մէջ, ներկայութեամբ հաստատութեան նախագահին՝ Ճէք Այվիի եւ անձնակազմի անդամներուն: Ներկայ էին Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, Ոստիկանապետն ու հրշէջներու պետը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի ներկայացուցիչներ:

Տիար Ճէք Այվի ողջոյնի խօսք եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց տարիներու այս բարի աւանդութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց բոլորին նոր տարին, եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանցեց հիւրընկալներուն: Ան բացատրեց, թէ հայ եկեղեցին ինչու 6 Յունուարին կը տօնեն Ս. Ծնունդը, ապա նաեւ լուսաբանութիւններ տուաւ տնօրհնէքի եւ ջրօրհնէքի արարողութեանց խորհուրդին մասին, միաժամանակ լուսաբանութիւն տալով ջրօրհնէքի պահուն գործածուող սրբալոյս միւռոնին մասին: Ան նաեւ դրուատեց անձնակազմին մարդասիրական ծառայութիւնները եւ անսպառ կորով մաղթեց անոնց:

Առաջնորդ Սրբազնաին խօսքէն ետք, տեղի ունեցան տնօրհնէքի եւ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւնները: Քաղաքապետ Արա Նաճարեան Խաչի կնքահայրն էր: Ապա, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը այցելեցին հիւանդանոցի կարգ մը սենեակները եւ օրհնեցին պատսպարեալ հիւանդները, անոնց փոխանցելով Ս. Ծննդեան աւետիսը: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ օրհնեց երկու նորածին մանուկներ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022