Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 30 Օգոստոս 2015ին, հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, ուղղեց օրուան յատուկ իր պատգամը եւ նոր Միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց, ծխական այս շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդը եւս մասնակից դարձնելով Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, 18 Յուլիսին, Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցած միւռոնօրհնէքով մարմնաւորուած խորհուրդին եւ անկէ բխող պատգամին: Ծանօթ է, որ Առաջնորդ Սրբազանը վերջին շաբաթներուն յաջորդաբար կ’այցելէ մեր եկեղեցիները, ջրօրհնէքի արարողութիւններով Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը տարածելու մեր ծխական շրջաններու հաւատացեալներու ընտանեկան յարկերէն ներս: Ս. Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան:
Ինչպէս ծանօթ է, Շաբաթ, 22 Օգոստոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող միաբանութեան պատուիրակութիւն մը այցելած էր Սիսի Կաթողիկոսարանի փլատակներուն վայրը, հոգեհանգիստ կատարած էր 1293էն մինչեւ 1915 պատմական աթոռին ծառայած ու առյաւէտ ննջած հայրապետներուն հոգիներուն համար, ու տեղւոյն վրայ ընթերցած՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական պատգամը: 100 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով էր որ հայրապետական պատգամ մը կը լսուէր պատմական վայրէն:
Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ, Կիրակի, 30 Օգոստոսին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, կարդացուեցաւ հայրապետական պատգամը, որ շաբաթ մը առաջ հնչած էր Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի նստավայրէն, ի լուր աշխարհին ու հայութեան:
Ջրօրհնէքի արարողութենէն առաջ իր ուղղած պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Սրբալոյս Միւռոնին ներգործութիւնը՝ հաւատացեալի կեանքին մէջ, նշելով, որ Միւռոնի օրհնութիւնը ստացողը հոգեպէս կը վերանորոգուի, կը զօրանայ իր հաւատքին մէջ եւ կ’ամրապնդէ իր ուխտը՝ հաւատարմօրէն հետեւելու մեր սրբազան հայրերու ժառանգութեամբ կերտուած ուղիին: Ան յիշեցուց, որ Միւռոնօրհնէքի արարողութեան պահուն, անցեալ Յուլիսին, Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս կոչ ըրած էր յիշելու մեր բիւրաւոր սուրբ նահատակները, աշխարհին յիշեցնելու անոնց նահատակութեան պայմանները եւ աննահանջ կերպով հետամուտ ըլլալու մեր արդար ու անսակարկելի իրաւունքներուն վերատիրացման: Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, ուր Նորին Ս. Օծութիւնը կը պահանջէր կաթողիկոսարանին վերադարձը՝ հայութեան, ու կը վերահաստատէր, որ մեր եկեղեցին հաւատարիմ պիտի մնայ մեր սուրբ նահատակներուն կտակին:
Իր պատգամի վերջին բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալներուն ուշադրութեան յանձնեց Սրբալոյս Միւռոնին իմաստը՝ օրուան աւետարանական հատուածին լոյսին տակ, որ կը պատմէր փոթորկոտ ծովը խաղաղեցնելու Յիսուսի հրաշքը (Մարկոս, 4:35-41): Երբ աշակերտներուն հետ Յիսուս կը ճամբորդէր Գալիլիոյ ծովուն վրայ, յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորիկեց լիճը եւ ալիքները սկսան նաւակին զարնուիլ: Աշակերտները, սարսափահար ու ճարահատ, արթնցուցին Յիսուսը, որ նաւակին յետսամասին մէջ հանգիստ կը քննանար: Յիսուս ոտքի կանգնեցաւ եւ սաստեց հովը, որ դադրեցաւ ու լիճը հանդարտեցաւ, անոնք խաղաղութեան ափ հասան անվնաս: Յիսուս գօտեպնդեց աշակերտները, որպէսզի հաւատքով լեցուին ու թօթափեն վախը: Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ երբ բոլորս Քրիստոսի ներկայութեամբ ապրինք, մեր կեանքին մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ ու վախնալու պատճառ չենք ունենար: Ան շեշտեց, որ Սրբալոյս Միւռոնն ալ նման ներգործութիւն կ’ունենայ մեր կեանքին մէջ, զայն ստացողը Քրիստոսի խաղաղարար ներկայութիւնը կը զգայ, զրահաւորուած կ’ըլլայ կեանքի փոթորիկներուն դիմաց եւ պէտք է ըլլայ անվախ. «Այս ջուրի օրհնութեամբ, թող Ս. Միւռոնի իւրաքանչիւր կաթիլի ընդմէջէն մեր Տիրոջ ներկայութիւնն ու խաղաղարար ներգործութիւնը զգանք, վկայենք, որ ձերբազատած ենք վախէն, համակուինք եւ վերանորոգուինք մեր սրբազան հայրերուն հաւատքով. թող հայու միւռոնը մեզ տոգորէ մեր հայրերուն հաւատքին հաւատարմութեամբ: Նաեւ յիշենք մեր սուրբ նահատակները, չմոռնանք, որ անոնք հաւատարիմ մնացին իրենց ճակատին դրուած միւռոնին, յանձն առին նահատակութիւն, իսկ մենք, անոնց ժառանգորդները, նոյն հաւատքով ու զօրութեամբ լեցուած, շարունակենք մեր արդար իրաւունքերուն պահանջատիրութիւնը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, եւ իր պատգամը եզրափակեց խաղաղութիւն մաղթելով իւրաքանչիւր հաւատացեալի անհատական կեանքին, ընտանիքին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներու հաւաքական կեանքին, եւ հանգիստ մեր հանգուցեալ սիրելիներու հոգիներուն:
Այնուհետեւ Միւռոնաթափ Աղաւնին թափօրով խորան բարձրացուեցաւ, մինչ դպրաց դասը կ’երգէր «Կենդանարար Աստուած» շարականը. Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որուն աւարտին, հաւատացեալները ստացան Ս. Հաղորդութիւն եւ օրհնուած ջուր: