Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Տնօրհնէք եւ Ջրօրհնէք Կատարեց Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» Հիւանդանոցին Մէջ


Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Ծննդեան տօնին առիթով այցելեց Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցը եւ տնօրհնէքի ու ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց հիւանդանոցի պատասխանատուներուն եւ անձնակազմի անդամներու ներկայութեան: Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Հինգշաբթի, 5 Յունուար 2017ի առաւօտուն: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան եւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։

Արարողութենէն առաջ, հաստատութեան նախագահը՝ Ճէք Այվի ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց պաշտօնական անձնաւորութիւնները, որոնց շարքին էին Կլենտէյլի քաղաքապետ Փօլա Տըվայն, քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան, City Manager Սքաթ Օչոա, քաղաքի հրշէջներու բաժանմունքի վարիչ Կրէկ Ֆիշ եւ ոստիկանապետի օգնական Քարլ Փովիլայթիս: Ան յիշեցուց, որ Ս. Ծննդեան տօնի այս արարողութիւնը բարի աւանդութիւն դարձած է հիւանդանոցին համար եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին ու հոգեւոր հայրերուն, որ ամէն տարի հիւանդանոց կ’այցելեն ու կը կատարեն այս արարողութիւնը: Ան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը արտասանելու իր սրտի խօսքն ու առաջնորդելու արարողութիւնը:

Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին ողջունեց բոլոր ներկաները, որոնց կարգին էին ՀՕՄի նուիրեալ ծառայողներ, ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով բարի մաղթանքներ ուղղեց, ապա գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս առիթ ընծայած է այցելելու այս հիւանդանոցը. ան հակիրճ ծանօթութիւններ տուաւ տնօրհնէքի եւ ջրօրհնէքի արարողութեանց մասին, անդրադարձաւ Յիսուսի Ս.
buy cipro online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/cipro.html no prescription

Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան խորհուրդին, ըսելով, որ «նոր տարին կը սկսինք նոր երազներով, նոր յոյսերով, մեր դիմաց կը պարզուին նոր առիթներ. թող տօնական օրերը նաեւ առիթ ծառայեն, որ ինքնաքննութիւն կատարենք, վերանորոգուինք հոգիով, մտքով ու մարմնով, որպէսզի վայելենք Աստուծոյ շնորհած բարիքները»:

Տեղի ունեցան տնօրհնէքի ու ջրօրհնէքի արարողութիւնները: Երգուեցան «Լոյս Ի Լուսոյ», «Ով Զարմանալի» եւ «Այսօր Ձայնն Հայրական» շարականները: Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց Տիար Այվին, որ ըլլայ խաչի կնքահայրը: Ջուրի օրհնութենէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ լուսաբանութիւններ տուաւ սրբալոյս միւռոնին մասին, որ սկիզբ առած է մեր հաւատոյ հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին օրերուն: Աւարտին՝ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց ներկաները եւ բարիք մաղթեց նոր տարուան համար: Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Խորհուրդ Մեծ» շարականին եւ Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ:

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց հաստատութեան նախագահին՝ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ այս արարողութեանց մասնակցութեան ու հիւանդանոց դիմող հիւանդներուն հոգածութեան համար: Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի հովանի ըլլայ անձնակազմի աշխատանքներուն եւ դարմանում շնորհէ հիւանդներուն: Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը Ազգ. Առաջնորդարանի մատուռը խորհրդանշող յուշանուէրով մը պատուեց Տիար Այվիին։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց հիւանդներուն, աղօթեց անոնց վրայ եւ օրհնեց նորածին մանուկ մը:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ հարցազրոյց մը շնորհեց պատկերասփիւռի KABC Channel 7 ընկերութեան, որ աւելի ուշ սփռուեցաւ արարողութիւնէն քաղուած բաժիններով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022