Հովանաւորութեամբ Քանատայի Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեանի, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը այս շաբաթավերջին՝ Շաբաթ 21 եւ Կիրակի, 22 Յուլիսին, պիտի տօնակատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան եւ օծման 50րդ տարեդարձը։
Սուրէն Սրբազանը աւելի քան 50 տարիներու ծառայութիւն ունի մեր եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, վարած է վանական ու թեմական պաշտօններ։ Աւելի քան 25 տարի եղած է Բերոյ Թեմին (Հալէպ, Սուրիա) Առաջնորդը, իսկ վերջին տարիներուն հաստատուած է Մոնթրէալ եւ հոգեւոր տեսուչն է Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ։ Շաբաթ երեկոյ նախատեսուած է պաշտօնական հանդիսութիւն եւ ճաշկերոյթ, իսկ Կիրակի օր տեղի պիտի ունենայ յոբելենական Ս. Պատարագ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հրաւէր ստացած էր Քանատայի Թեմի Առաջնորդէն, որ մասնակից դառնայ յոբելենական ձեռնարկին ու Ս. Պատարագին։ Նկատի ունենալով, որ թեմական աշխատանքներու բերումով, Առաջնորդ Սրբազանը չէր կրնար Մոնթրէալ ճամբորդել, ան շնորհաւորական գիր մը յղեց Յոբելեարին։
Իր սրտի խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կու տայ հետեւեալ վկայութիւնը. »Սուրէն Սրբազանը մեզի համար եղած է դաստիարակ ու սերտ գործակից, տիպար հոգեւորական, համեստ ու անբասիր ծառայող, որուն խօսքն ու գործը օրինակելի եղած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողոկոսութեան Դպրեվանքէն անցած բազմաթիւ սերունդներու։ (…) Սրբազանը իր սիրալիր վերաբերմունքով դարձաւ գուրգուրացող երէց գործակից, իր հոգածու մօտեցումով շարունակեց մնալ ուղեցոյց-դաստիարակ«։ Առաջնորդ Սրբազանը կþաւելցնէ. »Սուրէն Սրբազանը, մեր եկեղեցւոյ ու Ս. Աթոռոյս ճամբով, ընդերկար ծառայեց Քանատայի մէջ եւ յատկապէս Բերիոյ Թեմէն ներս, մնաց համեստ ու նուիրեալ հոգեւոր Առաջնորդ, որուն խօսքին չափ եւ աւելի՝ գործը պտղաւորուեցաւ առատօրէն, տասնամեակներ շարունակ մնաց մշակ առանց ամօթոյ«։