Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 20 Յուլիս 2017-ին շնորհաւորական նամակ մը յղեց Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի, որ իր կառավարութեան կողմէ նշանակուած է Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան։
Իր նամակին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն Թեմիս Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան ու հաւատացեալներուն, սրտագին շնորհաւորութիւններ կը փոխանցէ լիբանանցի դիւանագէտին. «Դուք Ձեր դիւանագիտական առաքելութիւնը իրագործեցիք գերազանցօրէն եւ արժանի էք այս բարձր պատիւին», գրած է Առաջնորդ Սրբազանը, որ նաեւ գոհունակութիւն արտայայտած է բարեկամական եւ գործակցական այն վերաբերմունքին համար, զոր գլխաւոր հիւպատոսը ցուցաբերած է Ազգ. Առաջնորդարանին եւ հայ ամերիկեան համայնքին նկատմամբ, իր պաշտօնավարութեան 5 տարիներուն։ Ան եզրափակած է անխառն յաջողութիւն մաղթելով դիւանագէտին՝ իր յառաջիկայ առաքելութեան մէջ։