Լիբանանի մէջ Զօր. Միշէլ Աունի նախագահ ընտրութեան ի լուր (Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբերին), Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորանքի հեռագիր մը յղեց Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի, եւ յանուն Արեւմտեան մեր Թեմի մեծ ընտանիքին եւ Ամերիկայի լիբանանեան գաղութին՝ իր շնորհաւորանքը հաղորդեց անոր:
«Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Լիբանանի վրայ լոյսի շող մը ծագած է, վերջ տալով շուրջ երկուք ու կէս տարի տեւած անորոշութեան ու տեղքայլին. վստահ ենք, որ աւելի փայլուն եւ լաւ օրեր կը սպասեն Լիբանանին, շնորհիւ կարող, փորձառու եւ հզօր ղեկավարի մը, որ կը վարէ երկրի բարձրագոյն պաշտօնը՝ ժողովրդավարութեան ու գերիշխանութեան գերագոյն խորհրդանիշը: Կ’աղօթենք, որ Զօր. Աուն երկիրը վարէ արժանավայել ու անկեղծ ընթացքով, երկրի բոլոր համայնքներուն զաւակները ցուցաբերեն սերտ գործակցութիւն, աշխատին համերաշխօրէն եւ եղբայրական սիրով, ի խնդիր բարիին, խաղաղութեան, կայունութեան ու Լիբանանի բարգաւաճման», գրած է Առաջնորդ Սրբազանը, աղօթելով, որ Ամենակալը օրհնէ եւ պահապան ըլլայ երկրին, վարիչներուն, զինեալ ուժերուն եւ սիրելի Լիբանանի ժողովուրդին: