2018 կը զուգադիպի Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան 50-ամեակին։ Վեհափառ Հայրապետը 1968-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 50-ամեակին էր որ երեք օծակիցներու հետ ստացաւ քահանայական օծումն ու կարգը։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, յանուն Թեմիս մէջ ծառայող միաբաններուն, հոգեւորականաց դասուն, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին, Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան եւ Թեմիս հաւատացեալներուն շնորհաւորանքի նամակ մը յղեց Նորին Սրբութեան, վեր առնելով անոր յիսնամեայ անխոնջ ծառայութիւնն ու նուիրումը Ս. Աթոռոյս, Հայ եկեղեցւոյ, հայ Ազգին ու հայրենիքին։
Նամակին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը յատկապէս կը նշէ. «50 տարիներէ ի վեր մեր Ս. Աթոռին միջոցաւ անխոնջ կերպով կը ծառայէք մեր Եկեղեցւոյ եւ 1995-էն ի վեր, իբրեւ Ս. Աթոռոյս գահակալ՝ կ’առաջնորդէք մեզ՝ լուսաւորելով մեր ճանապարհը եւ ուղեցոյց հանդիսանալով նորահաս սերունդին։ Ձեր 50-ամեայ բազմաբեղուն ու նուիրեալ տարիներուն, եղաք հաւատաւոր սպասաւոր Եկեղեցւոյ Ս. խորանին, քարոզիչը Աստուծոյ խօսքին, սերնդակերտ ուսուցիչ, մտաւորական, դաստիարակ, Հայ դատի ու ազգային պահանջատիրութեան ջահակիր. Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ ճանաչումը ընդարձակեցիք միջազգային, պետական ու կրօնական բարձրագոյն շրջանակներէ ներս՝ իբրեւ հեղինակաւոր ներկայութիւն միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւններու մէջ»։
Առաջնորդ Սրբազանը իր նամակը կ’եզրափակէր մաղթելով, որ բարձրեալն Աստուած Վեհափառ Հայրապետին շնորհէ երկար եւ առողջ կեանք, մշտադալար գործունէութիւն, անսպառ կորով, իմաստութիւն եւ գահակալութեան երկար տարիներ։