«Լարք»ի Ձեռնարկին Առաջնորդ Սրբազանը Գնահատագիր Շնորհեց Ճօ եւ Ճոյս Սթայն Ամոլին


Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան, «Լարք» Երաժշտական Ընկերակցութիւնը կազմակերպած էր մեծարանքի ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի «Jonathan Club»ին մէջ, ներկայութեամբ «Լարք»ի պատասխանատուներուն եւ բարեկամներուն: Մեծարուեցաւ ընկերակցութեան բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Ճօ եւ Ճոյս Սթայն ամոլը, առ ի գնահատանք իր բազմամեայ ծառայութիւններուն եւ բարերարութեանց:

Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, ներկայացնելով Առաջնորդ Սրբազանը, օրհնութեան ու գնահատանքի իր գիրը յանձնեց մեծարեալներուն: Իր գնահատագիրին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով կþանդրադառնար Սթայն ամոլին բազմամեայ ծառայութիւններուն եւ նուիրաբերումներուն, որոնք ի սպաս դրուած են հայկական հաստատութեանց եւ նպատակներու: Ան կը նշէր, որ Սթայն ամոլը հաւատարիմ մնացած է Քրիստոսի այն պատգամին, ըստ որուն՝ «Աւելի երանելի է տալը, քան թէ առնելը», հետեւաբար, անոր ծառայութիւններն ու նուիրաբերումները կը մարմնաւորեն քրիստոնէական վարքագիծ, մանաւանդ որ անոնք իրենց ժամանակն ու նիւթական միջոցները նուիրաբերած են համեստօրէն: Առաջնորդ Սրբազանը կը գնահատէր նաեւ «Լարք»ը, որ 20 տարիէ ի վեր հետամուտ է հայկական մշակոյթի դարաւոր ժառանգութեանց պահպանման ու տարածման, ինչպէս նաեւ այդ հարստութիւնները նոր սերունդներուն փոխանցման նուիրական աշխատանքին:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022