Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային Պատգամաւորական ժողովի ընթացքին Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալ ընտրուեցաւ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանը։
Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, յանուն Թեմիս հոգեւոր դասուն, Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան, շնորհաւորական նամակ մը յղեց նորընտիր Պատրիարքին, մաղթելով բեղուն գործունէութեամբ լի առաքելութիւն։ «Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Ձեզի ուժ ու կորով պարգեւէ, հոգեւորապէս զինէ եւ զօրացնէ Ձեզ, որպէսզի շարունակէք առաջնորդել Քրիստոսի բանաւոր հօտը ի բարին եւ ի խաղաղութիւն», նշած էր Առաջնորդ Սրբազանը։