Առաջնորդ Սրբազանը կը Շնորհաւորէ Ազգ. Վարժարաններու Շրջանաւարտները

Ուսումնական 2019-2020 տարեշրջանը շուտով կը հասնի իր աւարտին։ Այս տարի, երկրէն ներս ստեղծուած աննախընթաց պայմաններու պատճառաւ, առաջին անգամ ըլլալով աւանդական վկայականաց բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնները տեղի պիտի չունենան։ Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւորականաց դասու անդամները, Կրօնական Ժողովն ու Ազգ. Վարչութիւնը, Ազգ.
buy advair online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/advair.html no prescription

Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը ինչպէս նաեւ Թեմիս եկեղեցիներու եւ վարժարաններու պատկան մարմինները, իրենց օրհնանքն ու շնորհաւորանքը կը փոխանցեն 2020-ի բոլոր շրջանաւարտներուն։ Իսկ երկրորդական վարժարաններէ շրջանաւարտ մեր աշակերտներուն կը մաղթեն նպատակասլաց թռիչք դէպի լուսաշող ու պայծառ ապագայ, նուաճելու ուսումնական բարձրագոյն կաճառներ եւ ուսումնական նորանոր բարձունքներ, մի՛շտ պատրաստ՝ ծառայելու ազգին ու Հայրենիքին։

Պատի՛ւ բոլոր շրջանաւարտներուն եւ իրենց ծնողներուն, որոնց բազում զոհաբերումներուն շնորհիւ, մեր աշակերտները աննախընթաց ու դժուարագոյն այս պայմաններուն մէջ առցանց, շարունակեցին հետեւիլ ամէնօրեայ դասընթացքներուն, անխափան պահելով իրենց ուսումնառութեան վերջին տարին հայ կրթօճախէն, հայեցի դաստիարակութիւն եւ բարձրագոյն ուսում ստացան, հասնելով իրենց գերագոյն երազին։

Վարձքը կատա՜ր Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնին, տնօրէններուն, վարիչներուն ու դաստիարակներուն, որոնց ցանած սերմերը ատոք հասկերու վերածուած կը նետուին կեանքի ասպարէզ, զինուած՝ վճռակամութեամբ եւ հաւատքով, իրենց նպատակներու իրագործման ի խնդիր։

Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորական մաղթանքները ուղղեց մեր վարժարաններուն եւ շրջանաւարտներուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022