Հինգշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարանը Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցելու տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու աշակերտութեան։ Սրբազանին կ’ընկերանային Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Ներկայ էին նաեւ Թեմիս հոգեւորականաց դասու երէց անդամներէն Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիքեան եւ բարերարներ Գոհարիկ Կապրիէլ եւ Զապէլ Իգնատոսեան։
Առաջնորդ Սրբազանը եւ ընկերացող եկեղեցականները դպրոցի մուտքին դիմաւորուեցան վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեանի եւ ուսուցչական կազմի անդամներու կողմէ, ուր Սրբազան Հայրը կատարեց աղի ու հացի օրհնութիւն։
Ռան եւ Գոհարիկ Կապրիէլ Մանկամսուրի այցելութենէն ետք, վարժարանի սրահին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներուն կողմէ հիւրընկալուեցաւ Ամանորի ու Ս. Ծննդեան տօնական գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիրով մը։ Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիքեան սրտառուչ կերպով փոխանցեց պատմական եւ անձնական վկայութիւն մը։ Մեսրոպեան Վարժարանի պաշտօնէութեան ու աշակերտութեան կողմէ ողջոյնի խօսք արտասանեց Պրն. տնօրէնը, որուն ընթացքին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր այցելութեան եւ յարատեւ հոգածութեան համար։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց յայտագիրը, կրկին անգամ շնորհաւորեց զոյգ տօնական առիթները, ինչպէս նաեւ իր իւրայատուկ պատգամը փոխանցեց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին։ Սրբազան Հայրը բոլորին մաղթեց առողջութիւն եւ երջանկութիւն, իսկ Մեսրոպեան Վարժարանին՝ բարեբեր ու բեղուն տարի մը։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը եւ ընկերակիցները Տնօրէնութեան ճաշի հիւրը եղան։