Երկուշաբթի, 13 Հոկտեմբերին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցաւ Տէր եւ Տիկին Հէնք եւ Ռիթա Խաչատուրեաններու վաղամեռիկ զաւակներուն՝ Ճերըլտի եւ Մարքի յիշատակին նուիրուած տարեկան մրցաշարքը, որուն հասոյթը կը տրամադրուի բարեսիրական նպատակներու։
Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ մրցանակաբաշխութեան ընթրիքին, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր ողջոյնի խօսքը։ “Բոլորս հոս կը գտնուինք միեւնոյն նպատակին համար՝ մեր յարգանքը մատուցելու Ճերըլտի եւ Մարքի յիշատակին եւ զօրակցելու Խաչատուրեան ընտանիքին ու անոր բարերարութեանց”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը: Ան բարձր գնահատեց հիւրընկալ ամոլը՝ իրենց առատաձեռն բարերարութեանց համար, որոնք կը կատարուին Խաչատուրեան Հիմնադրամին ճամբով: Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ երկնային հանգիստ պարգեւէ երկու հանգուցեալներուն: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ բարձր գնահատեց այս բարեսիրական նպատակին զօրակցողներուն տարիներու նուիրաբերումը:
Երեքշաբթի, 14 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. Վարժարանը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան: Վարժարանի տնօրէնը՝ Տիկին Կրէյս Անտոնեան, անձնակազմը եւ աշակերտներ դիմաւորեցին Առաջնորդ Սրբազանը, որ այնուհետեւ այցելեց մանկապարտէզը եւ 8րդ դասարանները եւ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ աշակերտներուն հետ: Աւելի ուշ, մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները համախմբուեցան վարժարանի սրահը, ուր ներկայացուցին Հայ Մշակոյթի ամսուան նուիրուած յայտագիր մը: Առաջնորդ Սրբազանը, իր պատգամին ըմդմէջէն, օրհնեց վարժարանին անձնակազմն ու աշակերտները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին: Կէսօրին, ան սեղանակից եղաւ աշակերտներուն: