Առաջնորդ ՍրբազանըԿատարեց Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան 40րդ Տարեկան Ձեռնարկին Բացման Աղօթքը


Կիրակի, 6 Մարտ 2016ի երեկոյեան, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը պաշտօնական եւ շքեղ ճաշկերոյթով մը տօնեց իր հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձը, ներկայութեամբ գաղութի բարերարներու եւ Հիմնարկութեան բարեկամներու։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ կատարեց բացման աղօթքը: Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ «Պեվըրլի Հիլզ» պանդոկին մէջ, հիւրընկալութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի եւ ազգային կառոյցներու բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանի:

40ամեակի հանդիսութեան առիթով, Հիմնարկութիւնը յատուկ պատիւի արժանացուց Ազգ. Առաջնորդարանի եւ մեր գաղութի բազմամեայ բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեան ամոլը, որուն շնորհուեցաւ «Տարուան Ամոլը» մրցանակը:

Առաջնորդ Սրբազանը Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը շնորհաւորեց 40ամեակին առիթով եւ դրուատեց անոր անձնդիր ծառայողները: Ան նաեւ շնորհաւորեց մեծարեալ Շիրվանեան ամոլը, գաղութի կեանքին գործօն մասնակցութեան եւ առատաձեռն բարերարութեանց համար, որոնք անցեալ վեց տասնամեակներուն բաշխուած են բազմաթիւ հաստատութեանց: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց վաստակը այս հիմնարկութեան բարերարներուն եւ նուիրաբերողներուն, իրենց նիւթական ու բարոյական շարունակական զօրակցութեան համար, եւ կոչ ուղղեց անշեղ պահելու այս ընթացքը՝ սիրով, խոնարհութեամբ, միասնութեամբ եւ միացեալ տեսլականով ու նպատակով, ի խնդիր մեր հաւաքական տենչերուն իրականացման:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022