Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2016ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ Հայ Դատի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Յանձնախումբի ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Ուէսթըն Պանըվէնչըր» պանդոկին մէջ: Ներկայ էին պետական անձնաւորութիւններ, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց պատասխանատուներ ու ղեկավարներ, բարերարներ եւ բարեկամներ:
Ձեռնարկը սկսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով: Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներն ու կամաւորներ աշխատակիցները, իրենց աննահանջ, անխոնջ, ջանասէր եւ արդարատենչ գործունէութեան համար՝ ի խնդիր հայ դատի եւ ազգային պահանջատիրութեան արդար լուծման։
Գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս մեծարանքի արժանացան անհատներ ու խմբաւորումներ, որոնք նկատառելի ներդրում ունեցած են մեր Դատի հետապնդման աշխատանքին մէջ:
Այս տարուան մեծարեալներն էին՝ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան, որ արժանացաւ «Տարուան Օրէնսդիր» մրցանակին, դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Պրէտ Շըրմըն, որ արժանացաւ «Արդարութեան Ջատագով» մրցանակին, ազգային գործիչ եւ բարերար Վարուժան Գունտաքճեան, որ յետ մահու արժանացաւ «Կտակ» մրցանակին, Քալիֆորնիոյ կրթական համակարգի վերակացու Թամ Թորլըքսըն, որ արժանացաւ «Տարուան Մարդ» մրցանակին եւ «Golden State Warriors» խումբի Մարզիչ Սթիւ Քըր եւ Քըր ընտանիք, որոնք արժանացան «Մարդասէր» մրցանակին։ Յատուկ ճանաչման մրցանակի արժանացան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «The Promise» ֆիլմը արտադրողները։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց մեծարեալները, բարերարներն ու հովանաւորները, որոնք իրենց նիւթաբարոյական եւ մասնագիտական օժանդակութեամբ ներդրում կ’ունենան եւ կ’աջակցին Հայ Դատի յանձնախումբի հետապնդած գործին եւ Ամերիկահայ համայնքին: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը Հայրը եզրափակեց իր խօսքը կոչ ուղղելով շարունակել ծառայութիւնը լաւատեսութեամբ, նոր եռանդով, եղբայրասիրութեամբ եւ միասնական ոգիով, հասնելու համար հայ դատի եւ ազգային պահանջատիրութեան արդար հատուցման։