Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Գնահատանքի Ձեռնարկին


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2015ի երեկոյեան ներկայ եղաւ Հայ Դատի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Յանձնախումբի ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Հայաթ Ռիճընսի Սենչըրի Փլազա» պանդոկին մէջ: Ներկայ էին աւելի քան 1,400 զօրակիցներ, որոնց շարքին՝ պետական անձնաւորութիւններ, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց պատասխանատուներ ու ղեկավարներ, բարերարներ եւ բարեկամներ:

Տարեկան հերթականութեամբ կազմակերպուող այս ձեռնարկը ունի երկու հիմնական նպատակ. զօրակցութիւն ապահովել Հայ Դատի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ գնահատանքի ու յարգանքի արժանացնել անհատներ ու խմբաւորումներ, որոնք նկատառելի ներդրում կ’ունենան մեր Դատի հետապնդման աշխատանքին մէջ:

Այս տարուան մեծարեալներն էին իրաւաբան Ուոլթըր Քարապեան, Ճեֆրի Ռապըրթսըն ու Ամալ Քլունի, Էրիք Պօղոսեան եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Շրջանի մասնաճիւղը:

Ձեռնարկը սկսաւ Առաջնորդ Սրբազանին աղօթքով: Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը լուսարձակի տակ առաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարուան առիթով հայութեան ցուցաբերած միասնութիւնն ու անկէ բխած հզօրանքը, որոնք նկատելի էին մեր նահատակներու յիշատակման ու արդարատենչութեան արտայայտութեանց մէջ: Ան հաստատեց, որ տեղական, ազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ հայութիւնը նկատառելի յառաջխաղացք արձանագրեց, իսկ Հայ Դատի գործիչները այս պայքարին մէջ կը գրաւեն յառաջատար տեղ: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի անդամներուն, անձնակազմին ու կամաւորներուն տարած նուիրեալ աշխատանքին մասին, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ անոնց քայլերը պահէ աննահանջ:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ օրհնեց օրուան մեծարեալները, անոնք ըլլան անհատներ թէ խմբաւորումներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ եւ իրեն յատուկ կալուածին մէջ ներդրում կ’ունենայ մեր Դատի հետապնդման գործին մէջ: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց ձեռնարկին մասնակից պաշտօնական անձնաւորութիւնները, հիւրերը, հայ համայնքի ղեկավարները, բարերարներն ու բարեկամները, որոնց որոնց հաւաքական ճիգը կենսական նշանակութիւն ունի հայութեան քայլերուն յաջողութեան մէջ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022