Կիրակի, 23 Նոյեմբերի երեկոյեան, “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի 20րդ տարեկան կալա ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի “Հիլթըն” պանդոկին մէջ։ Պատւոյ հիւրերն էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան եւ շքախումբի անդամներ։
Առաջնորդ Սրբազանը ճաշկերոյթին բացման աղօթքը կատարեց եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիար Սերգէյ Սարգիսով, “Հայաստան” Հիմնադրամի ատենապետ Տիար Անդրանիկ Պաղտասարեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետն ու Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ:
Առաջորդ Սրբազանը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ առիթ ընծայած է մեր հայկական օճախի զաւակներուն՝ հաւաքաբար զօրակցութիւն արտայայտելու “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի հայրենանուէր նախաձեռնութեան: Ան ողջունեց նախագահ Բակօ Սահակեանի ներկայութիւնը եւ մաղթեց, որ ան աննկուն կամքով շարունակէ իր ծառայական առաքելութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Հայաստանի ու Արցախի բարգաւաճման աշխատանքներուն մէջ “Հայաստան” Հիմնադրամի կենսական դերակատարութիւնը, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ հովանի ըլլայ Հիմնադրամի ծրագիրներուն իրագործման ու յատկապէս Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի կառուցման աշխատանքներուն:
Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց բարերարները, ու յատկապէս շնորհաւորեց Տիար Ճերըլտ Թըրբանճեանը, որ այդ երեկոյ յատուկ պատիւի կþարժանանար: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն ու մեր ժողովուրդին, որ Գոհաբանութեան տօնին օրը, դարձեալ լիաբուռն նուիրաբերումով մասնակից ըլլան ի նպաստ Հայաստանի ու Արցախի հանգանակային արշաւին, եւ խնդրեց Աստուծմէ, որ պահապան ըլլայ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին, յատկապէս մեր քաջարի բանակին, բոլորիս ընծայէ միասնական ուժերով գործակցելու առիթներ՝ վասն մայր հայրենիքի ծաղկումին ու բարգաւաճման: