Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանը, Երկուշաբթի, 20 Ապրիլ 2015ին, Սաքրամենթոյի մէջ իր գումարած յատուկ նիստին, որդեգրեց թիւ ARJ 2 բանաձեւը, որ կը վերահաստատէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ կոչ կ’ընէ նախագահ Պարաք Օպամայի, որպէսզի իր կարգին պաշտօնապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Բանաձեւը նաեւ Ապրիլ 24ը կը հռչակէ Հայկական Ցեղասպանութեան Յիշատակութեան Օր:
Խորհրդարանին նիստը բացուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի աղօթքով: Ան գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ դարձեալ առիթը ընծայած է Սաքրամենթոյի խորհրդարանին մէջ, ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն հետ միասին, ոգեկոչելու մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը՝ պատմական ոճիրին 100րդ տարեդարձին առիթով: “Այն պահուն, երբ Թուրքիա եւ անոր կարգ մը դաշնակիցները կը շարունակեն պատմութիւնը ուրանալու ընթացքը, մենք շնորհակալ ենք որ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր ժողովին նման մարմիններ կը վերահաստատեն պատմական ճշմարտութեան ճանաչումը եւ ամէն տարի նոր արթնութիւն կը ներշնչեն հայութեան արդար դատին նկատմամբ”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը խնդրեց խորհրդարանի անդամներուն համար:
“Այսօր, երբ աղօթքով կը յիշենք Ցեղասպանութեան նահատակները, կ’աղօթենք նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք նմանօրինակ վայրագութեանց զոհ են, յուսալով, որ պիտի գայ այն օրը, երբ մարդիկ խաղաղութեամբ պիտի գոյակցին, իբրեւ քոյրեր եւ եղբայրներ, իբրեւ անդամները մարդկութեան նոյն ընտանիքին”, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, եւ խնդրեց Աստուծմէ, որ 100ամեակի այս հանգրուանին, համբերութիւն եւ կորով շնորհէ բոլորիս, որպէսզի կարենանք նահատակներուն աւանդը վառ պահել եւ հաւատարիմ մնալ անոնց ու արհաւիրքէն վերապրողներուն կտակին, եւ տխուր պատմութիւնը չկրկնուի: Վերջապէս, ան Աստուծոյ օրհնութիւնն ու հովանին խնդրեց այս երկրի պետական, քաղաքական եւ ապահովութեան պատասխանատուներուն ու ժողովուրդին համար, որպէսզի երկիրն ու բնակչութիւնը մնան խաղաղութեան մէջ:
Խօսք առին խորհրդարանի անդամներ: Ներկայացուեցան Հայ Դատի պատասխանատուներ եւ ներկայացուցիչներ: Ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ժապաւէններու արտադրիչ հանգուցեալ Մայքըլ Յակոբեանի վերապրողներու վկայութիւնները ներկայացնող վաւերագրական ժապաւէնը: Ստեղծուեցաւ յուզիչ մթնոլորտ:
Նոյն օրը, Ծերակոյտը միաձայնութեամբ որդեգրեց Ներկայացուցիչներու Տան որդեգրած բանաձեւը:
Նշենք, որ Առաջնպորդ Սրբազնաին կ’ընկերանար Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան: Նիստին ներկայ էին հայկական վարժարաններու աշակերտներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներ եւ աւելի քան 600 հայորդիներ:
Նիստէն ետք, խորհրդարանի անդամներ Ատրին Նազարեանի, Խաչօ Աչաճեանի եւ Սքաթ Ուիլքի հրաւէրով, տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն եւ գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր: