Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, 18 Ապրիլ 2016ին մեկնեցաւ Սաքրամենթօ, ուր Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի յատուկ նիստին բացումը կատարեց աղօթքով, որ նուիրուած էր Ցեղասպանութեան յիշատակման: Այս նիստը դարձած է բարի աւանդութիւն, շնորհիւ խորհրդարանի հայկական խմբակին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին միջեւ սերտ գործակցութեան: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան եւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ սարկաւագ եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեան։ Ներկայ էին Հայ Դատի զօրակիցներ, ազգային վարժարաններու աշակերտներ եւ բազմաթիւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Իր աղօթքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է անգամ մը եւս այս պաշտօնական յարկին տակ ու պետական ներկայացուցիչներու հետ միասին խոնարհելու Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին առջեւ, պատմական ոճիրին 101րդ տարեդարձին առիթով: Ան նշեց, որ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութեան յիշատակումը առիթ է յիշելու անցեալի ու ժամանակակից նման արարքներու զոհերը, Աստուծմէ խնդրեց խաղաղութիւն եւ ամոքում պարգեւել տառապեալներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց Ծերակոյտին, որ վշտակից է հայութեան ցաւերուն, եւ աղօթեց առ Աստուած, որ հովանի ըլլայ հայութեան արդար դատը հետապնդողներուն ու անոնց զօրակցողներու ճիգերուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ մեզի առիթ ընծայած է ապրելու ազատութեան, արդարութեան, հաւասարութեան ու ապահովութեան այս հայրենիքին մէջ, ուր բոլոր ժողովուրդները կը գոյակցին խաղաղութեամբ, սիրով ու եղբայրական ոգիով: Ան իր աղօթքը եզրափակեց խնդրելով, որ Աստուած խաղաղութիւն ու յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ մարդուն կողմէ մարդոց հանդէպ անմարդկային արարքներու բոլոր նահատակներու հոգիներուն, որոնք զոհ գացած են ցեղասպանութեան արարքներու։ (Առաջնորդ Սրբազանին աղօթքին ամբողջական բնագիրը տեսնել անգլերէն բաժինին մէջ):
Ծերակոյտն ու Խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրեցին AJR-34 բանանձեւը, որ ի շարս այլոց կը հաստատէր 2016 տարին իբրեւ «1915-1923 թուականներու իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Տարի Քալիֆորնիոյ Նահանգին մէջ», Ապրիլ 24, 2016ը իբրեւ «Քալիֆորնիոյ Նահանգին կողմէ 1915-1923 թուականներու Հայոց Ցեղասպանութեան 101րդ տարելիցի Ոգեկոչման օր» եւ կոչ կ’ընէ Նախագահին եւ Գոնկրէսին վերահաստատելու պատմական ճշմարտութիւնը եւ 1915-1923 տարիներու հայ ժողովուրդին հանդէպ իրագործուած դէպքերը միանգամընդմիշտ եւ պաշտօնապէս ճանչնալու որպէս Ցեղասպանութիւն։