Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Մոնթեպելլոյի Քաղաքապետ Ճէք Հաճինեանի Երդման Արարողութեան


Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2014ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի “Բաղրամեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մոնթեպելլոյի նորընտիր քաղաքապետ Ճէք Հաճինեանի երդման արարողութիւնը: Ճէք Հաճինեան կը հանդիսանայ Մոնթեպելլոյի առաջին հայ քաղաքապետը: Ան Ս. Խաչ Մայր Տաճարի ու Մոնթեպելլոյի մեր գաղութի երիտասարդ ծառայողներէն է. եղած է Մայր Տաճարի հոգաբարձութեան անդամ, իսկ ներկայիս մաս կը կազմէ մեր Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին: Երդումը ընդունեց Լոս Անճելըս գաւառի նորընտիր Շերիֆը՝ Ճիմ Մըքտանըլ:

Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ արարողութկեան, կատարեց բացման աղօթքը, շնորհաւորեց քաղաքապետը եւ բարի երթ մաղթեց իր նոր առաքելութեան մէջ: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան:

Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ հովանի ու առաջնորդ ըլլայ նորընտիր քաղաքապետին աշխատանքներուն, որպէսզի ան հաւատարմութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ծառայէ Մոնթեպելլօ քաղաքի վերելքին ու անոր բնակիչներու բարգաւաճման համար: “Այս երեկոյ, երբ համախմբուած ենք քաղաքապետի գործունէութեան սկզբնաւորումը նշելու համար, կը խնդրենք, որ ուժ եւ կարողութիւն պարգեւէս այս ծառայիդ, որպէսզի յաջողութեամբ դիմակալէ իր դիմաց կանգնող մարտահրաւէրները եւ իրեն վստահուած պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնի արժանաւորապէս, ըլլայ ճշմարիտ ղեկավար մը, որ կ’ընդառաջէ ժողովուրդի ակնկալութեանց եւ իր առաքելութիւնը յառաջ կը տանի ներդաշնակութեամբ ու գործակցութեան ոգիով, ի խնդիր այս քաղաքը իրենց սեփականութիւնը նկատող բոլոր բնակիչներուն, անխտիր”, եզրակացուց իր աղօթքը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022