Հայ Դատի յանձնախումբը ամէն տարի, Ապրիլ 24ի առիթով, կը կազմակերպէ մեր նահատակներու կտակին հաւատարմութիւն արտայայտելու ձեռնարկներ ու արարողութիւններ, որոնք կը զուգադիպին, ի շարս այլ պաշտօնական նիստերու, Ցեղասպանութեան յիշատակման Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի յատուկ նիստին։
Այս ծիրին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման յարգանքի յատուկ խորհրդարանի նիստը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 19 Ապրիլի առաւօտեան, Սաքրամենթոյի մէջ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակցեցաւ արարողութիւններուն եւ կատարեց Ծերակոյտի նիստին բացման աղօթքը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կþընկերանար Ֆրեզնոյի Ս.
buy neurontin online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/neurontin.html no prescription
Երրորոդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը՝ Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան, Հայ Դատէն, Հ.Մ.Ը.Մէն եւ այլ միաւորներէ ներկայացուցչական դէմքեր ու բազմաթւի հայորդիներ։
Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ առիթ ընծայած է Ցեղասպանութեան զոհ գացած 1.5 միլիոն հայերու յիշատակման այս պահը ապրելու։ Ան յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդը, ամէն տարուան Ապրիլին, կը յիշէ իր նահատակները, ինչպէս նաեւ ճիգ կþընէ ծանօթացնելու պատմական տխուր իրականութիւնները, ուշադրութիւն գրաւելու համար այն ողբերգական իրադարձութեանց վրայ, որոնք մօտաւորապէս դար մը առաջ, 1915էն 1923ի միջեւ ցնցեցին հայութիւնն ու աշխարհը։ Ան ցաւ յայտնեց, որ մինչեւ օրս, Թուրքիոյ պետութիւնն ու անոր դաշնակիցները կը խուսափին ընդունելէ պատմական դառն իրականութիւնները, ու խնդրեց Աստուծմէ, որ հայութեան պարգեւէ համբերութիւն եւ կորով՝ աննահանջ կերպով հետապնդելու համար մեր արդար իրաւունքներն ու հասնելու արդար հատուցման։
Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով երախտագիտութեան խօսք ուղղեց այն պետութեանց ու բարեսիրական կազմակերպութեանց, ի շարս որոնց՝ ամերիկացի ներկայացուցիչներու, որոնք օրին արձագանգ եղան ողբերգական իրադարձութիւններուն ու աջակցութեան ձեռք երկարեցին աղէտահար մեր ժողովուրդին։ Ան գնահատանք ու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մերօրեայ աշխարհի այն երկիրներուն, պատմաբաններուն, կազմակերպութեանց ու անհատներուն, որոնք քաջութիւնը ունին անաչառ կերպով հրապարակաւ հաստատելու Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը եւ դատապարտելու անոր ուրացումը։
»Իբրեւ անդամները Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին, կը յիշենք Ցեղասպանութեան զոհերը, մեր շարքերուն ունինք այդ կոտորածներէն վերապրողներու փոքր թիւ մը, ժառանգորդներն ենք փրկուածներուն։ Շնորհակալ ենք ու երախտապարտ, որ խորհրդարանի անդամ ընտրեալ ներկայացուցիչները 24 Ապրիլը հռչակած են Ցեղասպանութեան յիշատակումի օր, այսպէսով կը զօրակցին ու միասնականութիւն կþարտայայտեն հայութեան«, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, եւ յոյս յայտնեց, որ Երկնաւոր Հօր հովանիին տակ ու առաջնորդութեամբ, արդարութեան ու ճշմարտութեան հաստատման ճիգերը արդիւնաւորուին։ Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին այս հռչակագիրը բարի օրինակ ծառայէ այլ նահանգներու եւ երկիրներու, որպէսզի հայկական Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը ընդունուի բոլորին կողմէ։ Աւելին, ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ այսօրուան Թուրքիոյ մէջ վերջ գտնէ քրիստոնեաներու հանդէպ խտրականութեան ու հալածանքի ընթացքը, եկեղեցապատկան կալուածները վերադարձուին իրենց տէրերուն։
Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ աղօթք բարձրացուց, որ բարձրեալն Աստուած պահապան ու հովանի ըլլայ ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցիչներուն, որպէսզի անոնք բարի գործերով յաջողութեամբ շարունակեն ժողովուրդին իրենց ծառայութիւնները։ Վերջապէս, ան աղօթեց, որ Աստուած օրհնէ ու պահպանէ Միացեալ Նահանգները՝ մարդկային իրաւունքներու ախոյեան այս երկիրը, որ նաեւ ապաստան է ազատութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան։ Ան Երկնաւոր Հօր պաշտպանութիւնը հայցեց այս հայրենիքի պետական ղեկավարներուն, զինեալ ուժերուն ու քաղաքացիներուն համար, որպէսզի երկիրը ապրի խաղաղութեան մէջ, ապահով՝ ընդդէմ տեսանելի ու անտեսանելի թշնամիներուն, եւ Իր շնորհները բոլորիս բաշխէ ընդմիշտ։
Նիստէն ետք, Հայ Դատի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն։ Խօսք առին պետական անձնաւորութիւններ, իսկ Հայ Դատի ներկայացուցիչները ներկայացուցին յատուկ յայտագիր մը։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպումներ ունեցաւ պետական ու ներկայացուցչական հանգամանքով դէմքերու հետ։