Երկուշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2015ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մօտակայ Սան Մաթէօ քաղաքի «Peninsula Golf and Country Club»ին մէջ, տեղի ունեցաւ կոլֆի տարեկան 15րդ մրցումը, որ կը վայելէր հովանաւորութիւնը ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Հէնք եւ Ռիթա Խաչատուրեանի, ի յիշատակ իրենց զաւակներուն՝ Ճերըլտի եւ Մարքի:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով բարերարին հրաւէրին, այս տարի եւս ներկայ եղաւ պաշտօնական ընթրիքին: Ներկաներուն շարքին էին Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան եւ ծխական համայնքէն գնահատելի թիւով ազգայիններ: Ողջոյնի իր խօսքին մէջ, հիւրընկալը՝ Տիար Հէնք Խաչատուրեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ ամէն տարի կþընդառաջէ իր հրաւէրին ու ներկայ կþըլլայ այս ձեռնարկին: Ապա, ան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը ուղղելու իր պատգամը եւ օրհնելու երեկոյթը:
Աստուածաշնչական «Աւելի երանելի է տալը, քան թէ առնելը» պատգամէն մեկնելով՝ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Խաչատուրեան ընտանիքի բարերարութեանց, որոնք կը տարածուին տասնամեակներու վրայ. բարերար ընտանիքը նուիրաբերած է համեստօրէն եւ առատաձեռնութեամբ, մասնակցութիւն բերելով կեանքեր փրկող բարեսիրական կազմակերպութեանց գործին: Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ օրհնէ բարերար ընտանիքն ու անոր վաստակը, երկնային հանգիստ շնորհէ անոր զաւակներուն՝ Ճերըլտի եւ Մարքի, նաեւ օրհնեց ներկաները, որոնք հետեւողական կերպով նեցուկ կը կանգնին բարեսիրական այս նախաձեռնութեան: