Լաս Վեկասի տարեգրութեան մէջ Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր 2015ը եղաւ պատմական օր մը, երբ քաղաքի Sunset Parkին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողին պաշտօնական բացումը, ներկայութեամբ բազմաթիւ հոգեւորականներու, պետական, քաղաքական եւ միութենական ներկայացուցիչներու:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 13 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամանած էր Լաս Վեկաս, ուր ներկայ եղաւ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքի աւանդական շաբաթական ձեռնարկին: Ան Շաբաթ առաւօտուն մասնակից եղաւ յուշակոթողի բացման արարողութեան: Ներկայ էին նաեւ Հայց. Առաքելական, Մարոնի, Ղըպտի, Ասորի, Անտիոքի եւ Եթովպիոյ եկեղեցիներէ հոգեւոր ներկայացուցիչներ, Լոս Անճելըսի փոխ գլխաւոր հիւպատոս Վալերի Մկրտումեան, Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան, պետական դէմքեր, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, ՀՕՄի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Ռեբեքա Պէրպէրեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիար Արամ Երէմեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Էլէն Ասատրեան:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արցախ» մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ դրօշակի արարողութեամբ եւ Քայլերգներով: Հանդիսավարը՝ Լենա Յովհաննէսեան, Լաս Վեկասի Հայ Ամերիկեան Մշակութային Ընկերակցութեան անունով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը սկսելու արարողութիւնը:
Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է ի մի խմբուելու այս պատմական առիթով, յարգանք մատուցելու մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն. ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հ.Ա.Մ. Ընկերակցութեան մասին, որուն ճիգերուն շնորհիւ, Լաս Վեկասի համայնքը ունեցաւ մեր 1.5 միլիոն նահատակները ոգեկոչող այս գեղեցիկ յուշակոթողը: Ան նշեց, որ միայն վերջին մէկ տարուան ժամանակը աչքի առջեւ ունենալով, կը տեսնենք, որ աշխարհի տարածքին կանգնած են բազմաթիւ խաչքարեր ու նմանօրինակ յուշակոթողներ, որոնք կը վկայեն, թէ հայութիւնը հաստատ կը մնայ իր պահանջատիրական կեցուածքին վրայ, կը յիշէ նահատակները, կը յարգէ անոնց յիշատակն ու աւանդը, կը պահանջէ իր անժամանցելի իրաւունքները, քաջ գիտակցելով, որ մեր նահատակները ինչո՛ւ նուիրաբերեցին գերագոյնը, իսկ վերապրողները կրողներն են անոնց նահատակութեամբ ամրագրուած պատգամին: Ան ընդգծեց, որ այս ու աշխարհատարած աւելի քան 200 յուշակոթողները ոչ միայն մեր պատմութեան մասին խօսելու եւ ծանօթացման նպատակով կանգնած են, այլեւ մեզ ներշնչելու եւ մղելու, որ մեր պատմութիւնը ծանօթացնենք, միջոց են ու վկայութիւն՝ հայութեան պատմական անցեալի բաժնեկցութեան եւ մեր անսասան կամքին, առաւել ներշնչումի աղբիւր պէտք է ըլլան, որպէսզի շարունակենք մեր պահանջատիրական երթը, ի խնդիր ուշացած արդարութեան կենսագործման:
Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու օր մը առաջ, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ոճրային ահաբեկչական արարքներու զոհերուն յիշատակը:
Խօսք առին նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնք շնորհաւորեցին Հ.Ա.Մ. Ընկերակցութիւնը, այս ծրագիրին իրականացման առիթով: Յանձնուեցան գնահատագիրներ:
Կիրարկուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը. քաղաքի հայկական երկու պարախումբերը ներկայացուցին պարեր:
Այնուհետեւ, հանդիսավարը հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն առաջնորդութեամբ ուղղուին դէպի քիչ անդին կանգնած Յուշակոթողը, կատարելու համար պաշտօնական բացումը:
Հոգեւոր Առաջնորդները, քաղաքական պատասխանատուներ ու բարերարները քողազերծեցին յուշակոթողին ցուցատախտակը կրող քարը, 12 սիւները եւ յաւերժութեան պատկերը ներկայացնող՝ կեդրոնի քանդակը: Արարողութիւնը վերջ գտաւ ներկաներուն կողմէ Յուշակոթողին ծաղիկներու մատուցումով: