Առաջնորդ Սրբազանը Աղօթքով Կատարեց ՀՕՄ-ի Պատգամաւորական 96-րդ Ժողովին Բացումը

ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի պատգամաւորական 96-րդ ժողովը բացուեցաւ Ուրբաթ, 14 Յուլիս 2017-ի առաւօտուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղի Կլենտէյլի կեդրոնի սրահին մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան աղօթքով կատարեց եռօրեայ ժողովին բացումը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։ Ըստ աւանդութեան, նստաշրջանը յատկացուած էր աւարտող տարուան աշխատանքներուն քննարկման եւ յառաջիկայի ծրագիրներու մշակման։

Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդր. Կոմիտէի անդամ Տիար Կարօ Իսբէնճեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տիկին Մարալ Մաթոսեան եւ Օրիորդներ Նայիրի Տէրտէրեան եւ Ռիթա Հինդլեան, Շրջ. Վարչութեան ու մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ՝ այս ժողովին առիթին համար, ապա՝ գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց ու անոնց ճամբով՝ բոլոր ՀՕՄ-ականներուն հայրենաշէն ու ժողովրդանուէր ծառայութիւններուն մասին, ընդգծելով, որ նմանօրինակ իւրաքանչիւր ժողով առիթ է գնահատելու ՀՕՄ-ի աշխատանքները։ Ան նշեց, որ նուիրեալ հայուհիներ այս ափերուն մօտաւորապէս մէկ դարէ ի վեր բարձր կը պահեն ՀՕՄ-ի ջահը, կը ծառայեն ոչ միայն մեր գաղութին, այլ նաեւ Հայաստանին, Արցախին ու Ջաւախքին, իսկ վերջին տարիներուն՝ նաեւ օժանդակութեան ձեռք կ’երկարեն ահաւոր տագնապի մատնուած Սուրիոյ հայութեան։

Անդրադառնալով 2017-ը Վերանորոգումի Տարի հռչակելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ սա նա՛եւ ՀՕՄ-ին ուղղուած ազնիւ հրաւէր է, որպէսզի վերանորոգ յանձնառութեամբ ու կամքով շարունակէ իր ժողովրդանուէր ու ազգաշէն աշխատանքը։

Ան իր խօսքը աւարտեց օրհնելով ՀՕՄ-ականներուն նուիրումը եւ հաստատեց, որ Ազգ. Առաջնորդարանը կը կանգնի անոնց կողքին։

Խօսք առին ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռեբեքա Պէրպէրեան, Տիար Կարօ Իսբէնճեան եւ Տիկին Մարալ Մաթոսեան, որոնք անդրադարձան ՀՕՄ-ի գործունէութեան եւ յաջողութիւն մաղթեցին ժողովական աշխատանքներուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022