Ընդառաջելով Լոս Անճելըսի Board of Supervisorsի անդամ Մայքըլ Անթոնովիչի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 17 Յունուարի կէսօրին ներկայ եղաւ յիշեալ յանձնաժողովի նիստին ու աղօթքով կատարեց նիստին բացումը։
Առաջնորդ Սրբազանը, Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի ու Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչներէն Տիկին Փաթիլ Աբոշեան-Գասպարեանի ընկերակցութեամբ յանձնաժողովի նստավայրը հասաւ կէսօրին։ Ատենապետ Զէւ Եարըսլաւսքի հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ կատարելու նիստի բացման աղօթքը։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնաժողովին, անոր ծառայութիւններուն ու հայ համայնքին հետ աննահանջ գործակցութեան համար, ու Աստուծմէ խնդրեց, որ առաջնորդէ անոր ժողովրդանուէր գործունէութիւնը, որպէսզի անիկա շարունակուի համերաշխութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ, յոյս ու խաղաղութիւն ներշնչելով շրջանի բնակիչներուն։ Աղօթքէն առաջ, ան նաեւ արտասանեց հակիրճ խօսք մը, շնորհակալութիւն յայտնելով այս հրաւէրին համար։
Մայքըլ Անթոնովիչ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ ընդառաջած էր հրաւէրին, ու այս առիթով, Լոս Անճելըս գաւառին անունով՝ գնահատագիր մը յանձնեց անոր։