Ի լուր ղըպտիներու Գահիրէի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ դէմ Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2016ին կատարուած ռմբային ոճիրին, որ խլեց աւելի քան 25 զոհ ու բազմաթիւ վիրաւորներ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հետեւեալ ցաւակցագիրը յղեց համայնքին Լոս Անճելըսի թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սրապիոն Եպիսկոպոսին.
Խորապէս կը ցաւակիցնք Ձերդ Սրբազնութեան եւ Ղըպտի համայնքի աշխարհատարած զաւակներուն՝ Գահիրէի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ աղօթող հաւատացեալներուն դէմ գործուած վայրագ ու անարի յարձակումին առիթով, որուն զոհ գացին բազմաթիւ անմեղներ: Խորապէս ցնցուած ենք իրերայաջորդ այն յարձակումներէն, որոնք կ’ուղղուին երկրի քրիստոնեաներուն դէմ. զօրավիգ ենք մեր քրիստոնեայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ »եթէ մէկ անդամ տառապանքի մատնուի, անոր հետ կը տառապին բոլոր անդամները« (Ա. Կորնթ. 12:26):
Կ’աղօթենք առ ամենողորմ Աստուած, որ յաւիտենական հանգիստ շնորհէ Իր զաւակներուն, շուտափոյթ կերպով ամոքէ վէրքերը, խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն շնորհէ զոհերու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն: Թող Ամենակալին Ս. Աջը պահապան ըլլայ Նորին Սրբութիւն Թէոդորոս Բ. Պապին եւ սգակիր Ղըպտի համայնքի զաւակներուն վրայ: Կ’աղօթենք նաեւ, որ միջ-համայնքային վայրագութիւնները վերջ գտնեն Միջին Արեւելքի մէջ, ու շուտով վերադառնան այն օրերը, երբ բոլոր համայնքներու զաւակները համակեցութեամբ կ’ապրէին՝ փոխադարձ հանդուրժողութեան եւ յարգանքի մթնոլորտի մէջ: