Առաջնորդ Սրբազանը Ցաւակցութիւն կը Յայտնէ Քալիֆորնիոյ Նախկին Նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի Մահուան Առիթով

Ի լուր Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի մահուան գոյժին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, յանուն Արեւմտեան մեր Թեմի մեծ ընտանիքին, ցաւակցագիր մը յղեց հանգուցեալի այրիին՝ Կլորիայի, զաւակներուն՝ Լեսլիի, Ճորճի եւ Անտրէայի, թոռներուն ու ընտանեկան հարազատներուն, աղօթք բարձրացնելով, որ Երկնաւոր Հայրը այս դժուար օրերուն անոնց պարգեւէ հոգեկան զօրութիւն եւ խաղաղութիւն։

«Ճորճ Տէօքմէճեան անունը հոմանիշ մըն է պարկեշտութեան, ուղղամտութեան, արժանապատիւ մարդու եւ քաջութեան, գրած է Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան տասնամեակներու վրայ երկարող իր ծառայական կեանքին մէջ, հպարտութիւն ներշնչած է ո՛չ միայն ամերիկահայերուս, այլ նաեւ բոլոր քալիֆորնիացիներուն։ Յատկապէս հայ ժողովուրդին համար, ան եղած է օրինակելի անձնաւորութիւն եւ ներշնչումի աղբիւր, նպաստած է, որ ուրիշներ եւս մուտք գործեն քաղաքական ասպարէզ եւ բարի հետքեր թողուն հաւաքական կեանքին մէջ, իրենց անձնդիր ծառայութեամբ։ Մէկ խօսքով, ան մեծ մարդ էր, բարոյական բարձր սկզբունքներու տէր եւ բացառիկ ղեկավար։ Անոր բացակայութիւնը պիտի զգանք բոլորս»։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022