Կիրակի, 12 Մայիս, 2019-ին, Մարոնիթ համայնքը աշխարհով մէկ սգաց կորուստը նախկին պատրիարք Կարտինալ Մար Նասրալլա Պութրոս Սֆէյրի, որ իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ 98 տարեկանին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 16 Մայիսին, ներկայութեամբ Լիբանանի եւ տարբեր երկիրներէն ժամանած հոգեւոր եւ քաղաքական առաջնորդներու եւ հազարաւոր հաւատացեալներու։ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայ գտնուեցաւ թաղման արարողութեան եւ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Մարոնիթ Եկեղեցւոյ պատրիարք Մար Պշարա Պութրոս Րայիին։
Յանուն Արեւմտեան մեր Թեմի մեծ ընտանիքին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ցաւակցագիր մը յղեց Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Մարոնիթ առաջնորդ՝ Ապտալլա Իլիաս Եպս. Զէյտանի, յիշելով վախճանեալ Կարտինալը որպէս նուիրեալ, խոնարհ եւ հաւատարիմ ծառայ Աստուծոյ, անզուգական առաջնորդ մը որ ծառայեց ամբողջական հաւատքով, նուիրումով եւ յանդգնութեամբ Լիբանանի արդի պատմութեան տագնապալից տարիներուն, եւ անկախութեան, խաղաղութեան եւ գոյակցութեան խորհրդանիշ։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։