Հինգշաբթի, 19էն Ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին, Քոլորատօ նահանգի Օրորա քաղաքը բեմ դարձաւ ահաւոր ողբերգութեան մը, զինեալ երիտասարդի մը ոճրային արարքին հետեւանքով։ Ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ։
Ցնցիչ դէպքին լուրը իմանալով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան վշտակցութեան գիր մը յղեց քաղաքապետ Սթիւ Հոկընի, յանուն հայ համայնքին ցաւակցութիւն յայտնելով անոր ու զոհերուն ընտանիքներուն՝ այս անիմաստ արարքին համար, որ ցնցում առաջացուց ամբողջ երկրին մէջ։
»Խորապէս ցնցուած ենք անմեղներու կեանքի կորուստին համար։ Կը վշտակցինք ձեզի ու սգահար ընտանիքներուն։ Կþաղօթենք զոհերուն հոգիներուն խաղաղութեան ու վիրաւորներուն համար, մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում։ Կը խնդրենք Աստուծմէ, որ խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը վերահասատատէ Ձեր գեղեցիկ քաղաքին մէջ«, գրած է Առաջնորդ Սրբազանը։