Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւներու Հետ Հանդիպում-Հաւաք Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ


Հինգշաբթի, 26 Մարտ 2015ը Արեւմտեան Թեմիս համար եղաւ իւրայատուկ եւ նշանակալից օր մը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրով, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը միացեալ հաւաք մը ունեցան Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ՝ որպէս մէկ Աստուծոյ զաւակներ եւ նոյն ազգի ծառայող հոգեւորականներ։ Եզակի, տպաւորիչ եւ եղբայրական սիրոյ մթնոլորտով լի այս հաւաքը սկիզբը դրաւ նոր աւանդութեան մը։

Ողջունելէ ետք Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւները, Առաջնորդ Սրբազանը ամփոփ կերպով պարզեց Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի յուզումնալից ու քաղցրաբոյր ժամակարգութիւնը, որմէ ետք հաւաքաբար աղօթքներու ընթերցումով ու շարականներու երգեցողութեամբ, ներկայ հոգեւորականները մասնակից եղան Արեւագալի ժամերգութիւնը։

Ժամերգութեան աւարտին, հոգեւոր ապրումներով լի ի մի խմբուած հոգեւորականները խմբանկար մը ունեցան, առաջին այս հանդիպման առթիւ։

Ապա, “Անտոնեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան հիւրընկալութեամբ։ Սեղանի օրհնութենէն ետք, հիւրընկալ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, յանուն Սրբազան Հօր եւ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն անգամ մը եւս բարի գալուստ մաղթեց ներկայ բոլոր հովիւներուն։ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւներուն կողմէ խօսք առաւ Վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան, որ Աստուծոյ փառք տալով, շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, այսպիսի հանդիպում մը կարելի դարձնելուն եւ հոգեւոր միութիւնը զօրացնելու իր ճիգերուն համար։ Այնուհետեւ, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, իւրաքանչիւր հովիւ ինքզինք ներկայացուց կենսագրական հակիրճ կէտերով, նաեւ յիշելով ծառայած եկեղեցին, գաղութն ու ծառայութեան տարիները, վկայելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Թեմիս հոգեւոր դասուն գնահատելի զօրակցութեան եւ գործակցութեան ոգիին մասին։

Ճաշի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով, նախ գոհութիւն յայտնեց Տիրոջ, որ ծառայակիցներ իրարու քով բերելով, աւելի եւս կը զօրացնէ Իր եկեղեցին։ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ երկու եկեղեցիներու հովիւներու այս առաջին հանդիպումը այսուհետեւ ամէն տարի պիտի կատարուի եւ աւանդութեան պիտի վերածուի։ Անդրադառնալով Ապրիլ ամսուան ընթացքին ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու հաւաքական սրբադասման մեր եկեղեցւոյ որոշումին, ան յայտնեց թէ այլեւս անոնց բարեխօսութեամբ եւ զօրակցութեամբ պիտի շարունակենք մեր երթը դէպի արդարութիւն։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքին աւարտին, “Պահպանիչ” աղօթքով, “Կիլիկիա” մաղթերգով ու “Մեր Հայրենիք” քայլերգով իր աւարտին հասաւ յիշատակալից օրը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն բաժնուեցան Կարօ Պետրոսեանի “Feasts of the Armenian Church and National Traditions” անգլերէն հատորէն օրինակներ եւ Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքէն մէջբերումով 100ամեակի առթիւ պատրաստուած յուշանուէրներ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022