Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Մարտիրոսեան շաբաթասկիզբին Ուաշինկթըն մեկնեցաւ, ուր երկու Վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսները, 7էն 10 Մայիսին պիտի նախագահեն Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչական արարողութեանց ու հանդիսութեանց, մասնկացութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ պաշտօնական անձնաւորութեանց։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանայ Ազգային Վարչութեան անդամներէ, բարերարներէ եւ թեմիս ազգայիններէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը:
Հինգշաբթի, 7 Մայիս 2015ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կատարեց Ծերակոյտի նիստին բացման աղօթքը: “Այս տարի 100-ամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան՝ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան: Յիշելով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները, արդարութիւն կը պահանջենք: Իրօք, արդարութիւնը Աստուծոյ կողմէ պարգեւ մըն է, հետեւաբար, արդարութեան բռնաբարումը Աստուծոյ դէմ մեղք է”, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը իր աղօթքին ընթացքին: Ապա, ծերակուտական Ճէք Ռիտ ժողովականներուն ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետը, իբր միջ-եկեղեցական կարեւոր դէմք, մարդկային իրաւանց ռահվիրայ, մտաւորական եւ արի հովուապետ: Արարողութեան ներկայ էին շուրջ երեք հարիւր ազգայիններ:
Ծերակոյտի նիստէն առաջ, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ ծերակուտականներ Ճէք Ռիտի, Հէրի Ռիտի եւ Տայէն Ֆայնըսթայնի հետ: Վեհափառ Հայրապետին կողքին էին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան Թեմերու Առաջնորդները՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, ինչպէս նաեւ շքախումբի անդամներ: Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներու բարեկամութեան, ամերիկայի եւ աշխարհի չորս կողմը կազմակերպուած մեր գաղութներուն, Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի կացութեան: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկացի ժողովուրդին ու յատկապէս ամերիկեան մարդասիրական կազմակերպութիւններուն՝ ցեղասպանութենէն ետք ճողոպրած հայ որբերուն ու հայ ժողովուրդին ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութեան համար:
Առաւօտեան, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Թեմիս Ազգ. Վարչութեան անդամներու եւ Թեմիս բարերարներու հետ։ Խորհրդարանի շէնքին առջեւ, Վեհափառ Հայրապետն ու Թեմակալ Առաջնորդները դիմաւորուեցան Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտներու կողմէ, որոնք իրենց ուսուցիչներուն հետ Ուաշինկթըն կը գտնուին այս օրերուն:
Նոյն օրը, յետմիջօրէին, Հայաստանի Դեսպանատան մէջ, պաշտօնական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի:
ԱՐԱՄ Ա. – “ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՃԻՐ Է ԸՆԴԴԷՄ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ” Ցեղասպանութեան 100ամեակի պաշտօնական յիշատակումը սկսաւ Հինգշաբթի երեկոյ, Ուաշինթընի մայր տաճարին մէջ, միջ-եկեղեցական արարողութեամբ մը: Ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, ծերակուտականներ, Ներկայացուցիչներու Տան անդամներ, քրիստոնեայ եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ երկու հազարէ աւելի ժողովուրդ, մեծ մասամբ հայորդիներ, որոնք եկած էին Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէն:
Արարողութեան ընթաքին խօսք առնելով, Արամ Ա. Կաթողիկոսը յայտարարեց. “Եթէ նոյնիսկ Ցեղասպանութիւն բառը միջազգային օրէնքի բառամթերքին մաս չէր կազմեր 1915-ին, այն՝ ինչ որ պատահեցաւ հայ ժողովուրդին, Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ, ցեղասպանութիւն էր իր նպատակով եւ իր մեթոտներով, այլ խօսքով՝ ոճիր էր ընդդէմ մարդկութեան”, հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Ուաշինկթընի Ազգային Մայր Տաճարին մէջ,
Շարունակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ հարիւրամեակը երեք բառերով կարելի է բնորոշել՝ յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել. “Մենք յիշեցինք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները ու մի՛շտ պիտի յիշենք, որովհետեւ անոնք մեր ամէնօրեայ պայքարին ու ձգտումներուն մաս կը կազմեն”, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը եւ աւելցուց. “Նահատակները յիշել՝ կը նշանակէ աշխարհին յիշեցնել անոնց կտակը: Ցեղասպանութիւն մը կատարուեցաւ մեր ժողովուրդին դէմ: Լռութիւնը ա՛յլապէս ցեղասպանութիւն է: Միջազգային օրէնքին համաձայն, ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ, հետեւաբար, մարդկութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ այս ոճիրին նկատմամբ”:
Իր խօսքին վերջին կէտին մէջ, Նորին Սուրբ Օծութիւնը շեշտը դրաւ պահանջատիրութեան վրայ, ըսելով. “Անարդարութիւն գործուած է մեր ժողովուրդին դէմ: Հայ ժողովուրդը իր իրաւունքները կը պահանջէ: Արդարութիւնը աստուածատուր իրաւունք է, մարդիկ չեն կրնար ուրիշներուն իրաւունքները խլել: Մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափած է, մեր ժողովուրդի կալուածները բռնագրաւուած են: Ո՛չ միայն ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջենք, այլ նաե՛ւ՝ հատուցում: Ներումը քրիստոնէական հաւատքին մաս կը կազմէ. սակայն ներում կը շնորհուի՝ երբ Թուրքիան կ’ընդունի ճշմարտութիւնը եւ այս ձեւով երկու ժողովուրդներուն հաշտութեան առաջնորդող ճամբան կը բանայ”: Վեհափառ Հայրապետին պատգամը յաճախ ծափահարութիւններով ընդհատուեցաւ. աւարտին, ներկայ ժողովուրդը յոտընկայս ծափողջոյններով գնահատեց իր սրտին թարգմանը հանդիսացող Հայրապետին խօսքերը:
Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը, որ իր կարգին ողջունեց այն երկիրները, որոնք վերջին շրջանին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով գործնական քայլեր առին, եւ կոչ ուղղեց, որ միջազգային համայնքը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնէ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւս, խօսք առնելով, շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն երկիրներուն, որոնք զօրակցութիւն յայտնած են հայ ժողովուրդին, թէ՛ մարդասիրական օգնութեան ճամբով եւ թէ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Արարողութեան ընթացքին, խօսք առին նաեւ բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներ եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներ, ձայնակցելով Ցեղասպանութեան դատապարտանքի եւ արդարութեան ու խաղաղութեան պահանջի հայութեան կեցուածքին:
Շաբաթավերջի օրերուն, տեղի կ’ունենան մշակութային հանդիսութիւններ եւ պաշտօնական ընդունելութիւններ: Ցեղասպանութեան յիշատակման Ուաշինկթընեան յուշահանդէսները իրենց աւարտին կը հասնին Կիրակի օր, երկու Վեհափառ Հայրապետներուն գխաւորութեամբ Մայրերու Օրուան նուիրուած արարողութեամբ մը: