Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Կլենտէյլի քաղաքապետարանը եւ հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետութեան, ոստիկանութեան ու հրշէջներու բաժանմունքի պատասխանատու պաշտօնատարներու հետ, խորհրդակցելու համար որոշ դասաւորումներու շուրջ, առ ի պատրաստութիւն Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մեր Թեմ մօտալուտ այցելութեան: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան:
Հանդիպումին մասնակցեցան հրշէջներու բաժանմունքի պետ Կրէկ Ֆիշ եւ օգնականներէն Վինսընթ Վ. Ռիֆինօ, փոխ-ոստիկանապետ Քարլ Փովիլայթիս, ոստիկանապետի գրասենեակի անդամներէն Ռապըրթ Ուիլիըմզ, հաղորդակցութեանց եւ հանրային յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Թոմըս Ռ. Լորընզ, վարչական հարցերու բաժանմունքի վարիչի օգնական Եասմին Ք.
buy metformin online https://noprescriptionrxbuyonline.com/metformin.html no prescription
Պիրզ եւ հանրութեան հետ յարաբերութեանց համակարգումի պատասխանատու Տէն Պէլ:
Առաջնորդ Սրբազանը ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան ծրագիրին մասին, մանաւանդ որ երկու գլխաւոր ձեռնարկներ՝ երիտասարդութեան հետ Վեհափառի հանդիպումը, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբերի երեկոյեան, «Սիվիք» Հանդիսասրահ սրահին մէջ, եւ 20ամեակի ժողովրդային տօնակատարութիւնը, Շաբաթ, 1 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի Հանրային Երկրդ. վարժարանի սրահին մէջ, նախատեսուած են Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Քաղաքապետութեան պաշտօնատարները շնորհակալութիւն յայտնեցին այս տեղեկութեանց համար, գոհունակութիւն արտայայտեցին, որ Վեհափառ Հայրապետը պիտի պատուէ քաղաքը, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին անհրաժեշտ դասաւորումները կատարելու ու գործակցութիւն ցուցաբերելու:
Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց հիւրընկալ պաշտօնատարներուն: