Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպում Կ’ունենայ Ասորի Արեւելեան Եկեղեցւոյ Պատրիարքին Հետ

Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2019-ին, Թարզանայի Ս. Աստուածածին Ասորի Արեւելեան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի յատուկ արարողութիւն եւ ճաշկերոյթ ի պատիւ Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Մար Կեուարկիս Սլիուայի։

Արարողութենէն առաջ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի, այցելեց Նորին Ամենապատուութեան։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ճորճ Պէթ-Ռաշօ։ Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներու գործունէութիւնն ու զանոնք յուզող հարցերը։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ներկայ գտնուեցաւ եկեղեցական արարողութեան եւ ճաշկերոյթին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022