Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան Պիտի Այցելէ Մեր Թեմը


Բերիոյ (Հալէպի) Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան պաշտօնական այցելութեամբ Արեւմտեան մեր Թեմը պիտի գտնուի Հոկտեմբեր 9էն 20 օրերուն եւ պիտի ըլլայ հիւրը Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ ազգային իշխանութեան:

Հիւր Սրբազանին Լոս Անճելըս կեցութիւնը առիթ պիտի ըլլայ մօտէն ծանօթանալու Սուրիոյ ու յատկապէս շրջանի հայութեան վերջին երեք տարիներու տագնապալի վիճակին, պատերազմական ծանրակշիռ դէպքերու հետեւանքներուն եւ անոնց դարմանումի ճիգերուն, որոնց մասնակից է ամբողջ հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան մեր ափերը: Շահան Սրբազանը հանդիպումներ պիտի ունենայ պատասխանատու մարմիններու, ներկայացուցչական դէմքերու եւ ժողովուրդին հետ:

Ի պատրաստութիւն Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Սրբազանի այցելութեան, եւ հրաւէրովն ու նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանին, Երեքշաբթի, 30 Սեպետեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ ժողով մը տեղի ունեցաւ, համախմբելով Թեմիս Ազգային Վարչութեան դիւանը, Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինին (SARF) եւ Սուրիոյ հայկական վարժարաններու գաղութիս շրջանաւարտից միութեանց ներկայացուցիչները:

Խորհրդակցական հանդիպումին, որոշուեցաւ որ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինն (SARF) ու շրջանաւարտից միութիւնները կազմակերպեն ժողովրդային հանդիպում մը, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ:

Կ’ուզենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին յայտնել, որ հիւր Սրբազանը Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբերի երեկոյեան մասնակից պիտի ըլլայ Թարգմանչաց նախատօնակի արարողութեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը, իսկ Թարգմանչաց տօնին առիթով, Կիրակի, 12 Հոկտեմբերին Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ պիտի քարոզէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Ան նաեւ Կիրակի, 19 Հոկտեմբերին Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ պիտի քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Բոլոր արարողութիւնները առիթ պիտի ընծայեն ուղղակի հանդիպում ունենալու հիւր Սրբազանին հետ եւ լսելու Սուրիոյ հայութեան մասին անոր խօսքերը:

Շահան Սրբազանը նաեւ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանին ընկերակցութեամբ պիտի այցելէ հայկական վարժարաններ:

Վստահ ենք, որ այս առիթով մեր ժողովուրդը պիտի վերանորոգէ իր զօրակցութիւնը Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս մեր վարժարաններու աշակերտութեան:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022