Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ եւ “Սուրիոյ Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմին”ի ատենապետ Բարձր. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի հետ, ներկայութեամբ աւելի քան 600 հայորդիներու։
Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական Յարանուանութեանց Հոգեւոր Առաջնորդներուն, եւ կազմակերպուած էր գաղութիս Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինին եւ Սուրիահայ Վարժարաններու Շրջանաւարտից Միութեանց կողմէ։
Հանդիսավարն էր Տիկին Քնար Գորթոշեան, որ արտասանեց բացման խօսքը: Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինին ընթացքին ողջոյնի եւ զօրակցութեան արտայայտութիւններով խօսք առին հոգեւոր առաջնորդներ եւ ներկայացուցչական դէմքեր:
Հանդիսավարը իր խօսքին մէջ ներկաներուն յիշեցուց, թէ Ցեղասպանութենէն առաջ եւ մանաւանդ ետք, սուրիահայ գաղութը ապրած է հայ կեանքի կշռոյթով, դառնալով մշակոյթի դարբնոց, ազգապահպանման ամրոց, առաջին մայր գաղթօճախ եւ վերածնունդի առաջին օրրան, նման հաստաբուն կաղնիի մը, որուն ճիւղերը տարածուած են ի սփիւռս աշխարհի, մեծ դեր կատարելով սփիւռքահայ գաղութներու կազմաւորման մէջ։ Ապա, ներկաներուն անունով բարի գալուստ մաղթեց հիւր Սրբազան Հօր, յայտարարելով թէ մեր գաղութի զաւակները գործնապէս պիտի ընդառաջեն սուրիահայութեան կոչին։
Հալէպի հայութեան կեանքին այժմու պայմաններուն աւելի իրազեկ դառնալու միտումով, ցուցադրուեցան տեսաերիզներ, որոնցմէ առաջինը կը ներկայացնէր Հալէպ քաղաքի հայահոծ շրջաններու եւ ազգապատկան կառոյցներու ներկայ վիճակը։
“Հալէպ՝ ներկայիս” տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի (SARF) փոխ-ատենապետ Տիար Րաֆֆի Քենտիրճեան, որ իր խօսքին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ վերոնշեալ մարմինի ցարդ կատարած իրագործումներուն, յայտնելով, թէ նոյն աշխատանքը պիտի շարունակուի աւելի մեծ թափով: Ան մէջբերեց Ռոպէրթ Շուլլէրի իմաստալից խօսքը. “Թող ձեր յոյսերը, ոչ թէ ցաւերը, ձեւաւորեն ձեր ապագան”։
Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժիններ, առաջինը՝ Լոս Անճելըս հաստատուած հալէպահայ աշակերտուհի Արազ Պալեանի կատարողութեամբ: Ան արտասանեց Վահան Թէքէեանի “Թուրքին” եւ Յովհաննէս Շիրազի “Կտակ” բանաստեղծութիւնները։
Տեսաերիզի ցուցադրութեան երկրորդ բաժինով, ներկաները դիտեցին “Սուրիոյ Հայ Դպրոցը՝ ներկայիս” բաժինը։ Անոր մէջ կը ներկայացուէր հինգ վարժարաններու աշակերտութեանց Ազգային Կիւլպէնկեան վարժարանի մէկ շէնքին մէջ հաւաքուելով դասաւանդութիւններու շարունակուիլը, որովհետեւ միւս վարժարանները ռմբակոծումներէ վնասուած են եւ կը մնան ամայի։ Հակառակ այս բոլորին, ակնյայտ էր հայ աշակերտներուն լաւատեսութիւնը՝ իրենց կրթութեան եւ դասընկերներու վերադարձին մասին։
Ժողովրդային հանդիպումի հովանաւոր յարանուանութեանց ներկայացուցիչները, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ՝ Հայր Թովմաս Կարապետեան եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ՝ Պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան խօսք առնելով, իրենց կարգին սրտակցութիւն յայտնեցին եւ ամէն գնով հայ դպրոցը բաց պահելու զօրակցութիւն խոստացան։
Գեղարուեստական յայտագրի երկրորդ բաժնով, դարձեալ Լոս Անճելըս հաստատուած հալէպահայ աշակերտուհի՝ Նանոր Սերայտարեան, ջութակի վրայ մեկնաբանեց Կոմիտասի “Կռունկ” եւ Սէրկէյ Քէօսէեանի “Քոնչերթինօ” կտորները։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան, որ ողջունելէ ետք Առաջնորդներուն ներկայութիւնը, զօրակցութիւն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց կրկին անգամ եւ դրուատեց Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին՝ Շահան Արք. Սարգիսեանի անձը, նկատելով որ “բոլոր Առաջնորդները ապահովութեան իմաստով հանգիստ պայմաններու մէջ կը գործեն իրենց ազգին համար, սակայն Շահան Սրբազանի կատարած հովւութիւնը հերոսական արարք է”։
Տեսաերիզի վերջին ցուցադրութեամբ, ներկաները ականատես եղան ու վկայեցին հալէպահայ աշակերտին ու ծնողներուն առկայծ յոյսն ու հաւատքի զօրութիւնը ու տագնապալի օրերու բերումով՝ աւելի զօրացած նկարագիրն ու կամքը, երբ Գ. Եսայեան սրահին մէջ, աշակերտներու եւ ծնողներու բազմահարիւր ներկայութեամբ, օր մը առաջ կատարուած էր Ս. Թարգմանչաց Տօնի Ս. Պատարագը եւ ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիր մը։ Տեսաերիզը կը ցոլացնէր հայ աշակերտին սէրը իր մշակոյթին ու պարտութիւն մերժող վճռակամութիւնը՝ մութ առօրեայի ընդմէջէն։
Ապա հրաւիրուեցաւ Շահան Սրբազանը, որ իր խօսքին մէռ գլխաւորաբար կեդրոնացաւ սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին, անոր կարիքներուն եւ մասնաւորաբար հայ դպրոցի ներկայ իրավիճակին վրայ։ Ան սուրիահայութեան անունով երախտապարտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մարմիններուն եւ անհատներուն, որոնք սատարած են դրամահաւաքին։ “Այս հանգրուանին, շեշտեց Սրբազան Հայրը, նոյնիսկ եթէ հացը չոր ըլլայ, մենք փառք կու տանք Աստուծոյ։ Ուտելիքը չէ որ կը փնտռենք, այլ մեր ապագայ սերունդներուն համար մտքի սնունդը, որ կորիզն է մեր մտահոգութեանց”։ Անդրադառնալով Յովնան Սրբազանի գնահատանքին, Շահան Սրբազան այդ քաջութիւնը վերագրեց Սուրիոյ հայ ժողովուրդին, որոնք քաջութեամբ տոկացին ու կը տոկան տակաւին, եւ օրուան հրամայականներուն դիմաց՝ կազմակերպուած կ’ապրին։ “Միասնականութիւնն էր, որ յարատեւել տուաւ”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ բացայայտեց գաղտնիքը սուրիահայութեան կազմակերպ մնալուն։ Զօրաշարժի կոչով մը, ան հրաւիրեց ներկաները, Հայութեան ողնասիւնը զօրաւոր պահելու, հայ կրթական օճախը վառ պահելու, որովհետեւ հայը Հայ պահելու հիմնական սիւնը Հայ Վարժարանն է։
Ժողովրդային հաւաքին փակման խօսքը արտասանելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը։ Ան, ողջունելէ ետք հիւր Սրբազանին ներկայութիւնը, գնահատեց ձեռնարկի կազմակերպիչները եւ Սուրիոյ հայութեան զօրակցող ժողովուրդը, զայն անմոռանալի եւ իւրայատուկ նկատելով։ Ան գնահատեց SARF-ի աշխատանքները եւ ժողովուրդի զաւակները, որոնք իրենց բաժինը ունեցան անցնող տարիներուն ուղարկուած օժանդակութեանց մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խոր մտահոգութեամբ ցաւ արտայայտեց Սուրիոյ ու հայութեան վիճակուած տագնապալի կացութեան մասին եւ ըսաւ. “Այսօրուան հրամայականը Հայ դպրոցին զօրակցիլն է։ Ոչ ոք տալով վնասուած է, այլ ընդհակառակը, մենք տալով աւելի կը հարստանանք, որովհետեւ ատիկա նաեւ Աստուծոյ ալ հաճելի է”։ Ապա, խթանիչ խօսքերով վերահաստատեց գաղութի զօրակցութիւնն ու սրտակցութիւնը Սուրիահայ գաղութին:
Ձեռնարկի աւարտին, ներկայ հոգեւորականները միասնաբար երգեցին “Տէր Ողորմեա”ն, աշխարհի եւ մանաւանդ Սուրիոյ խաղաղութեան ի խնդիր։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազաններու “Պահպանիչ”ով հանդիպումը փակուցաւ:
Հանդիպումի աւարտին, Եկեղեցւոյ “Արմենակ Տէր Պետրոսեան” սրահին մէջ, հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, հիւրընկալութեամբ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հովիւներուն ու Հոգաբարձութեան։ Ներկաները առիթ ունեցան Շահան Սրբազանէն իմանալու յաւելեալ մանրամասնութիւններ Հալէպի եկեղեցիներուն, ազգային կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս իրենց հարազատներուն դիմագրաւած ներկայ դժուարութեանց մասին։
Յիշատակելի այս հանդիպումը պատմութեան էջերուն մէջ մեծ արձագանք ու արժէք պիտի ունենայ, երբ այսօրուան մատղաշ սերունդը Հայ դպրոցին մէջ աճի ու թրծուի եւ օր մը կարդայ այս զօրաշարժին մասին, անդրադառնալով, որ իր հայեցի դաստիարակութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են Միացեալ Նահանգներու Հայ ժողովուրդի զաւակները։