Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրով, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան Կիրակի, 19 Հոկտեմբերի 2014ին Ս. Պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, իր լրումին հասցնելով մեր Թեմին տուած իր աւելի քան մէկ շաբթուան այցելութիւնը: Ինչպէս ծանօթ է, հիւր Սրբազանը մեր Թեմը ժամանած էր յատուկ առաքելութեամբ, զօրակցութիւն ապահովելու համար Սուրիոյ հայութեան ու մասնաւորապէս մեր վարժարաններուն:
Իր հրաժեշտի պատգամին մէջ, Շահան Սրբազանը գոհունակութիւն արտայայտեց մեր գաղութին մէջ Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ զօրակցական մթնոլորտին համար, որոնք արտայայտութիւն գտան հանդիպումներու ընթացքին եւ հանգանակային աշխատանքներով: Ան Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբերին մեկնեցաւ Լոս Անճելըսէն, իր ամերիկեան շրջապտոյտը շարունակելու համար Արեւելեան եւ Քանատայի մեր Թեմերուն մէջ: