Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանի, եղբայրական հանդիպում մը ունեցան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հետ, Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանին մէջ՝ Պըրպէնք։
Հանդիպման ընթացքին Շահան Արք. Սարգիսեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Սուրիահայութեան այժմու կացութեան, երկրի ապահովական վիճակին եւ վերականգնումի ու վերաշխուժացման ծրագիրներու մասին։
Հանդիպման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրերը յաջողութիւն մաղթեցին Շահան Սրբազանին եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն ի խնդիր։