Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ Լոս Անճելըս ժամանեց Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, ընդառաջելով Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի – ՍԱՐՖ – հրաւէրին, ներկայ ըլլալու համար շարք մը ձեռնարկներու եւ հանդիպումներ ունենալու մեր գաղութի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ։ Երկու Առաջնորդ Սրբազանները կու գային Պէյրութէն, ուր անցեալ շաբաթ մասնակցեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին։
Ինչպէս ծանօթ է, Սուրիոյ տագնապի ծանրացման տարիներուն, ու յանձնարարութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու նախաձեռնութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու գաղութի պատասխանատու մարմիններու՝ կազմուեցաւ Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ մարմինը, որ համախմբեց հայկական յարանուանութեանց, բարեսիրական միութեանց ու քաղաքական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, որպէսզի բոլորիս ձեռքերուն միացումով ու աշխատանքներու համակարգումով, անմիջական օգնութիւն հասցնենք Սուրիոյ ու մասնաւորաբար Հալէպի հայութեան։ Տագնապին պայթումէն ասդին, Շահան Սրբազանը երրորդ անգամն է որ կ’այցելէ Լոս Անճելըս։ Ան Երեքշաբթի, 12 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ներկայ եղաւ Ազգային Վարչութեան նիստին, Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբերի երեկոյեան ներկայ եղաւ ՍԱՐՖ-ի կողմէ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին ի սպաստ պաշտօնական ընթրիքին, «Չեւի Շէյս Քաունթրի Քլապ»ին մէջ, իսկ Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Իրանահայ Միութեան սրահին մէջ ներկայ եղաւ ժողովրդային հաւաքի մը, ուր խօսք առնելով՝ լայն տեղեկութիւններ տուաւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի եւ վերակառուցման երթին մասին։
Պաշտօնական այս հանդիպումներուն զուգահեռ, հիւր Առաջնորդ Սրբազանը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանին ընկերակցութեամբ, այցելեց Ազգային Վարժարաններ ու հանդիպումներ ունեցաւ պատասխանատու մարմիններու հետ։
Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինութեամբ եւ հրաւէրով, Տ. Շահան Սրբազան Կիրակի, 17 Դեկտեմբերին, Ս. Պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։